Ըստ ՄԱԿ-ի զեկոյցին 2100 թուականին Հայաստանի բնակչութեան թիւը պիտի կազմէ 1,7 միլիոն


Երեւան, «Փանորամա».- ՄԱԿ-ը հրապարակած է «Աշխարհի բնակչութեան հեռանկարներ – 2015» տարեկան զեկոյցը, որուն մէջ ներկայացուցած է Երկիր մոլորակի բնակչութեան ժողովրդագրական պատկերը մինչեւ 2100 թուական:

 Հայաստանի ժողովրդագրական պատկերին վերաբերեալ նշուած է, որ 2015 թուականին Հայաստանի բնակչութիւնը կը կազմէ 3 միլիոն 18 հազար, 2030 թուականին անիկա պիտի կազմէ 2 միլիոն 993 հազար, 2050 թուականին՝ 2 միլիոն 729 հազար՝ 9.6 տոկոս կորուստով, իսկ 2100 թուականին՝ 1 միլիոն 739 հազար մարդ: Ըստ էութեան այնպէս պիտի ըլլայ, որ 50 տարուան ընթացքին Հայաստանի բնակչութիւնը պիտի նուազի գրեթէ մէկ միլիոնով:

Զեկոյցին համաձայն՝ Երկիր մոլորակի բնակչութիւնը 2100 թուականին պիտի հասնի 11,213 միլիառի: Յատկանշական է, որ մինչեւ 2050 թուական մոլորակի բնակչութեան աճը պիտի ապահովեն 9 երկիրներ՝ Հնդկաստան, Նիճերիա, Փաքիստան, Քոնկօ, Եթովպիա, Միացեալ Նահանգներ, Ինտոնեզիա, Ուկանտա եւ Թանզանիա:

Ըստ զեկոյցի մասնագէտներուն՝ ամենէն արագ աճող տարածքը կը նկատուի Ափրիկէն, քանի որ 2100 թուականին այս տարածաշրջանի բնակչութեան թիւը պիտի կրկնապատկուի, մինչ, ըստ կանխատեսումներուն, Ասիոյ բնակչութեան թիւը պիտի նուազի՝ 2050 թուականի 5.26 միլիառէն 2100-ին ունենալով 4.88 միլիառ բնակիչ:

2022 թուականին, ՄԱԿ-ի կանխատեսումներով, Հնդկաստանը պիտի դառնայ մոլորակի ամենէն խիտ բնակչութիւն ունեցող երկիրը, իսկ երկրորդ դիրքին վրայ պիտի ըլլայ Չինաստանը:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.