Ատրպէյճանական բանակի զինուոր մը սպաննուած է


Ընկերային ցանցերու վրայ շրջան ընող տեղեկութեանց եւ լուսանկարներու համաձայն,  յայտնի դարձած է, որ «հայկական գնդակ»ի զոհ գացած է Ատրպէյճանի բանակի զինուոր Շահքերեմով Աղադադաշ Շահքերեմ օղլուն։ Ատրպէյճանական պաշտօնական աղբիւրները դէպքի մասին կը լռեն։ Սպանուած զինուորին յուղարկաւորութիւնը կայացած է օգոստոս 19-ին, իր ծննդավայրին մէջ։

 Նշենք, որ ըստ ԼՂՀ Պաշտպանութեան բանակի տուեալներուն, տարեսկիզբէն ի վեր 92 ատրպէյճանցի զինուոր սպաննուած է սահմանագիծին վրայ։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.