Դաշնակցութիւնը Նախագահ Սերժ Սարգսեանի Հետ Պիտի Քննարկէ Սահմանադրութեան Նախագիծը


Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը յառաջիկային հանդիպում պիտի ունենայ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ` քննարկելու սահմանադրութեան նախագիծը:

«Փանորամա»-ի թղթակիցին հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին այս տեղեկութիւնը փոխանցած է Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան:

«Մենք բաւական ծաւալուն առաջարկներ պիտի ներկայացնենք  Սահմանադրական բարեփոխումներու մասնագիտական յանձնախումբին: Յանձնախումբին հետ պիտի քննարկենք զանոնք, եւ կը կարծեմ, որ յառաջիկային քննարկում պիտի ունենանք հանրապետութեան նախագահին հետ», յայտնած է Աղուան Վարդանեան` նշելով, որ հանդիպման օր տակաւին ճշդուած չէ:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.