Աթաթուրքի հայ հոգեզաւակ Սապիհա Կէօքչէնի տոհմածառը


«Ա­կօս»ի վերջին թիւին ե­րեք է­ջե­րը յատկացուած են ­Մուս­թա­ֆա ­Քեմա­լի հո­գե­զա­ւակ ­Սա­պի­հա ­Կէօք­չէ­նի տոհ­մա­ծա­ռը յայտ­նա­բե­րե­լու ծա­նօթ գրող Ա­լէվ Է­րի ո­դի­սա­կա­նին։ ­Յօդուածին հայերէնով հա­մա­ռօ­տո­ւած տար­բե­րա­կը կը ներ­կա­յաց­նենք ըն­թեր­ցող­նե­րուն։

 

Կան­խաւ պէտք է խոս­տո­վա­նիմ, որ ներ­քե­ւի տո­ղե­րը ար­տա­կարգ յայտ­նու­թիւն մը չեն։ Այն ինչ որ պի­տի կար­դաք, քա­ղո­ւած է զա­նա­զան մե­նա­գ­րու­թիւն­նե­րէ կամ յու­շագ­րու­թիւն­նե­րէ։ ­Հան­րա­պե­տու­թեան երկ­րորդ նա­խա­գահ Իս­մէթ Ի­նէօ­նիւ­յի ­Սա­պա­հաթ­թին ­Սէ­լէ­քին պատ­մած­նե­րը, ­Շէվ­քէթ ­Սիւ­րէյ­յա Այ­տէ­մի­րին եր­կար ժա­մա­նակ մեծ ժո­ղովր­դա­կա­նու­թիւն վա­յե­լած ­Մուս­թա­ֆա ­Քեմա­լի մե­նագ­րու­թիւ­նը՝ «­Մի­ակ ­Մար­դը», ­Ռաուֆ Օր­պա­յի «Դ­ժոխ­քի ­Ջա­ղաց­քը» խո­րա­գր­եալ յու­շագ­րու­թիւն­նե­րը, Ի­տա­լա­ցի պատ­մա­բան ­Ֆա­պիօ Կ­րա­սիի՝ «Ա­թա­թիւր­քը, ­Թուրք-Ի­տա­լա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու քիչ ծա­նօթ դէպ­քե­րը» եւ «­Թուրք-Ի­տա­լա­կա­ն խնդի­րը 1919/1923։ ­Հա­սա­րա­կու­թիւն եւ ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թիւն» ու­սում­նա­սի­րու­թիւ­նը եւ ­Հա­միթ ­Քա­յա­յի ա­կա­դե­մա­կան տե­սու­թիւն­նե­րը կա­րե­լի է գտնել գրա­տու­նե­րու կամ գրա­դա­րան­նե­րու մէջ։

Պա­տում­նե­րուն մէկ մա­սը ուղ­ղա­կի ­Մուս­թա­ֆա ­Քե­մա­լի կող­մէ 1926ին ­Ֆա­լիհ ­Ռըֆ­քը­յին կամ ­Մահ­մութ ­Սիիր­տին փո­խան­ցո­ւած է։

Մօտ եր­կու տա­րի ա­ռաջ մե­նա­գ­րու­թիւն­նե­րու մէջ մնա­ցած այս մանր մունր վկա­յու­թիւն­նե­րը ի­րա­րու ա­գու­ցե­լով փոր­ձե­ցի ­Սա­պի­հա ­Կէօք­չէ­նի հայ ինք­նու­թեան հետ­քե­րը ո­րո­նել։ ­Սա­կայն պէտք է նշեմ, որ շատ դիւ­րին ճա­նա­պարհ մը չէ այս։ ­Շատ ան­գամ ստի­պո­ւած ե­ղայ դիտ­մամբ ան­տե­սո­ւա­ծը, քողար­կո­ւա­ծը, աչ­քե­րէ հե­ռու պա­հո­ւա­ծը ե­րե­ւան հա­նել։ Օ­րի­նա­կի հա­մար զի­նա­դա­դա­րի տա­րի­նե­րուն քա­ղա­քը գրա­ւած դաշ­նա­կից զի­նո­ւոր­նե­րուն ­Մուս­թա­ֆա ­Քե­մա­լի տու­նը խու­զար­կել փոր­ձե­լը, այդ փոր­ձին ան­յա­ջող մնա­լը, շա­տեր կը պատ­մեն, բայց խու­զար­կու­մի պատ­ճա­ռին մա­սին ոչ ոք կը խօ­սի։ ­Կը հար­կադ­րո­ւիմ ու­րիշ աղ­բիւր­նե­րու դի­մել։

Զի­նա­դա­դա­րէն ան­մի­ջա­պէս ետք, ­Թուր­քիոյ ­Հա­յոց ­Պատ­րիար­քա­րա­նը դա­շ­նա­կից­նե­րու Բարձ­րա­գոյն Կո­մի­սա­րու­թեան եւ Օս­մա­նեան կա­ռա­վա­րու­թեան դի­մե­լով պա­հան­ջեց 1915ի ցե­ղաս­պա­նու­թեան եւ տա­րագ­րու­թեան օ­րե­րուն պահ դրո­ւած հայ որ­բե­րու փրկու­թիւ­նը։ ­Կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը կոչ հրա­տա­րա­կեց որ­բե­րու ան­մի­ջա­պէս վե­րա­դար­ձո­ւե­լուն մա­սին։ ­Յայ­տա­րա­րեց, որ հրա­մա­նին չեն­թար­կո­ւող­նե­րը խիստ մի­ջոց­նե­րով պի­տի պատ­ժո­ւին։ Պատ­րիար­քա­րա­նը այս շրջագ­ծով հինգ հա­զար ա­նուն­ներ բո­վան­դա­կող ցանկ մը յայ­տա­րա­րեց։ Ան­շուշտ որ ի­րաւ թի­ւը շատ ա­ւե­լի բարձր էր, քա­նի որ շա­տեր այդ որ­դեգ­րո­ւած որ­բե­րուն շնոր­հիւ կը յու­սա­յին ա­նոնց վի­ճա­կուած ժա­ռան­գին ալ տէր դառ­նալ։ ­Պատ­րիար­քա­րան ե­կած մատ­նու­թիւն­նե­րէն մէկն ալ կը վե­րա­բե­րէր ­Մուս­թա­ֆա ­Քե­­մա­լին։ Ան 13 ­Նո­յեմ­բեր 1918ին Հա­լէ­պի իր զօ­րա­նո­ցէն ե­կած էր ­Պո­լիս։ Ա­ռա­ջին 15-20 օ­րե­րուն բնա­կած էր Փէ­րա ­Փա­լաս հիւ­րա­նո­ցը։ Իսկ ­Դեկ­տեմ­բե­րի սկիզ­բը վար­ձած էր ­Տի­կին ­Յով­սէ­փեա­նի ­Շիշ­լիի բնա­կա­րա­նը։ Այդ շէն­քը մին­չեւ օրս կ­՚օգ­տա­գոր­ծո­ւի իբ­րեւ «Ա­թա­թիւր­քի ­Թան­գա­րան»։

Ա­հա­ւա­սիկ այս տունն է, որ ի­տա­լա­կան զօ­րա­մա­սի մը կող­մէ խու­զար­կո­ւիլ փոր­ձո­ւե­ցաւ, ­Հա­լէ­պէն բե­րո­ւած հայ որբ մը գտնե­լու ակն­կա­լու­թեամբ։ ­Մուս­թա­ֆա ­Քե­մալ իս­կոյն դի­մեց ­Սու­րէ­նեան շէն­քի մէջ բնա­կող սպա­յա­կոյ­տի պե­տի տե­ղա­կալ ­Քա­զըմ ­Փա­շա­յին։ Այն տե­ղէն կապ հաս­տա­տեց գնդա­պետ ­Ռո­լէթ­թո­յի հետ, որ կը բնա­կէր ­Շիշ­լիի տան ան­մի­ջա­պէս դի­մաց գտնուող Էտ­հէմ ­Փա­շա ա­պա­րան­քը։ ­Դի­մու­մը դրա­կան ար­դիւնք տուաւ եւ խու­զար­կե­լու ե­կած զօ­րա­խում­բը հե­ռա­ցաւ տու­նէն։ ­Թէեւ այդ պա­հուն չի յայտ­նա­բե­րո­ւե­ցաւ պահ դրո­ւած որբ մը, բայց այս գոր­ծո­ղու­թիւ­նը գրան­ցուեցաւ մի­ջազ­գա­յին փաս­տա­թուղ­թե­րուն մէջ։

17 ­Յու­լիս 1915։ ­Թա­լաթ ­Փա­շա­յի ծրագ­րած հայ­կա­կան տա­րագ­րու­թեան հեր­թը հա­սած է Այն­թապ։ ­Ճի­պին գիւ­ղի բնա­կիչ ­Սէ­պիլ­ճեան ըն­տա­նիքն ալ մօտ 1500 հո­գիէ բաղ­կա­ցող կա­րա­ւա­նի հետ կ­՚ուղ­ղո­ւի դէ­պի ­Հա­լէպ։ Այն­թա­պը այս ճամ­բոր­դու­թեան ա­ռա­ջին կա­յանն է, ուր ըն­տա­նի­քի մայ­րը կը հա­մա­կեր­պի «չորս ե­րեխա­նե­րով չես կրնար ա­ւար­տել այս ճամ­բան, աղ­ջիկ­նե­րը հոս թող» ա­ռա­ջար­կին։ ­Վե­ցա­մեայ ­Տի­րու­հին եւ եր­կու տա­րե­կան ­Խա­թու­նը կը յանձ­նէ Ա­մե­րի­կեան ­Կեդ­րո­նա­կան ­Քո­լէ­ժի որ­բա­նո­ցին։ ­Կա­րա­ւա­նը ­Ճի­պի­նի ե­րէց ­Տէր ­Ներ­սէս ­Քա­հա­նայ ­Պա­պաեա­նի ա­ռաջ­նոր­դու­թեամբ կը շա­րու­նա­կէ իր եր­թը դէ­պի ­Սու­րիոյ հա­րա­ւը։ ­Բախ­տա­ւոր պէտք է հա­մա­րել այդ կա­րա­ւա­նը, քա­նի որ ա­նոնք բա­զում չար­չա­րանք­նե­րէ ետք յա­ջո­ղած են վե­րապ­րիլ եւ 30 ­Հոկ­տեմ­բեր 1918ի զի­նա­դա­դա­րէն ետք դար­ձեալ ­Տէր ­Ներ­սէ­սի ա­ռաջ­նոր­դու­թեամբ վե­րա­դառ­նալ Այն­թապ։ ­Մա­րի­ամ ­Սէ­պիլ­ճեան, ա­ռա­ջին գործ իբ­րեւ, կը դի­մէ Ա­մե­րի­կեան որ­բա­նոց։ Որ­բա­նո­ցի պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րէն կը լսէ, որ ­Խա­թու­նը փախ­ցո­ւած է եւ ի դէմ ի­րենց բո­լոր դի­մում­նե­րուն, կա­րե­լի չէ ե­ղած զինք ետ բե­րել։ ­Միայն լսած են, որ այդ որ­բու­կը պահ դրուած է ­Մուս­թա­ֆա Քեմալ ­Փա­շա­յի կող­մէ։

Ե­կած է ­Կի­լի­կիոյ հա­յու­թեան ճա­կա­տագ­րա­կան թո­ւա­կա­նը։ 1921ի ­Դեկ­տեմ­բե­րին ֆրան­սա­ցի­ներ Ան­գա­րա­յի կա­ռա­վա­րու­թեան հետ հա­մա­ձայ­նե­լով ամ­բողջ ­Կի­լի­կիան, նե­րա­ռեալ Այն­թա­պը կը թո­ղուն թուր­քե­րուն։ ­Հա­յե­րը ան­գամ մը եւս կը հար­կադ­րո­ւին ­Սու­րիոյ ճամ­բան բռնե­լ։ ­Մէկ ան­հա­տը պակ­սած ­Սէ­պիլ­ճեան ըն­տա­նիքն ալ կը հաս­տա­տո­ւի ­Հա­լէ­պի ­Տա­ւու­տի­յէ, կամ այժ­մու ա­նու­նով Էշ­րէ­ֆի­յէ թա­ղա­մա­սը։ Ըն­տա­նի­քի հայ­րը ­Ներ­սէս կը մա­հա­նայ հինգ տա­րի ետք։ ­Մա­րիամ երկ­րորդ ա­մուս­նու­թիւն կը կնքէ ե­րեք զա­ւակ­նե­րով ա­մու­րի ­Քա­րա ­Քա­րա­յա­նի հետ։ Այս ա­մուս­նու­թե­նէն ալ որ­դի մը կ­՚ու­նե­նայ։ Մա­րիամ 1947ին կը մա­հա­նայ ­Խա­թու­նի կա­րօ­տը սրտին։

Մա­րիա­մի դուստ­րը ­Տի­րու­հի 1946ին կ­՚ա­մուս­նա­նայ ­Սա­հակ ­Տէր-­Ղա­զա­րեա­նի հետ եւ կը ներ­գաղ­թե­ն ­Հա­յաս­տան։ ­Նոյն տա­րի ծնո­ւող ա­ռա­ջին աղ­ջի­կը կը կո­չէ Հ­ռիփ­սի­մէ։ 1948ին երկ­րորդ աղ­ջիկ մը կ­՚ու­նե­նայ, ո­րուն կու տայ քրո­ջը ա­նու­նը՝ ­Խա­թուն։ Ա­ւե­լի ետք եր­կու որ­դի­ներ ալ կ­՚ու­նե­նայ։

Մա­րիա­մի ­Հա­լէպ ապ­րող եղ­բօ­րոր­դին Աբ­րա­համ ­Կա­րա­պե­տեան 1955ին կը յա­ջո­ղի ­Խա­թու­նի հետ կապ հաս­տա­տել։ Ան­գա­րա կու գայ, կը տե­սակ­ցի եւ կը նկա­րո­ւին միա­սին։ ­Խա­թուն հսկայ գու­մար մը կը նո­ւի­րէ ա­նոր։ Աբ­րա­համ այդ գու­մա­րին հետ կը բե­րէ նաեւ գաղտ­նիք մը։ ­Գաղտ­նիք մը, որ մի­ջոց մը ետք պի­տի պար­զո­ւի։ ­Խա­թու­նը Ա­թա­թիւր­քի հո­գե­զա­ւակ ­Սա­պի­հա ­Կէօք­չէն ե­ղած է։

Թուր­քիա­ցի­ներ այս բո­լո­րը լսե­ցին, երբ ­Տի­րու­հիի դուստ­րը Հ­ռիփ­սի­մէ աշ­խա­տանք գտնե­լու հա­մար ­Թուր­քիա կու գայ եւ Հ­րանդ ­Տին­քին կը պատ­մէ, թէ ­Սա­պի­հա ­Կէօք­չէն իր մօ­րա­քոյրն է եւ բուն ա­նունն է ­Խա­թուն ­Սէ­պիլ­ճեան։ ­Թուր­քիա­ցի­նե­րուն հա­զիւ «Ա­կօս»ի ու ա­պա «­Հիւր­րի­յէթ»ի լրա­տո­ւու­թիւ­նով լսա­ծը ար­դէն ծա­նօթ էր ըն­տա­նի­քի ­Հա­լէպ, ­Պէյ­րութ, ­Լոս Ան­ճը­լըս, Ե­րե­ւան եւ Ֆ­րէզ­նօ ցրո­ւած բե­կոր­նե­րուն։

Սա­պի­հա ­Կէօք­չէ­նի հայ ինք­նու­թիւ­նը ո­րո­նե­լու ո­դի­սա­կա­նը այս­պէս սկսաւ։ Լ­րագ­րող Ա­րիս ­Նալ­ճը իմ խնդրան­քովս թարգ­մա­նեց ­Սի­մոն ­Սի­մո­նեա­նի 1972ին «­Լեռ եւ ­Ճա­կա­տա­գիր»ին մէջ լոյս տե­սած պա­տում­նե­րը։ Այ­շէ ­Հիւ­րի մի­ջո­ցաւ, որ այս մա­սին ինք ալ մե­լան հո­սե­ցու­ցած է, ­Լոս Ան­ճըլ­սաբ­նակ բա­րե­կամս ­Գէոր­գէն եւս ստա­ցայ նշեալ ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րը։ ­Փաս­տա­թուղ­թե­րու կա­րիք կը զգա­յի։ Այն­թա­պի ­Կեդ­րո­նա­կան ­Քո­լէ­ժի ար­խի­ւի պատ­ճէ­նը ­Պիլ­քէնթ ­Հա­մալ­սա­րա­նի գրա­դա­րա­նը կը գտնո­ւի։ Սկ­սայ կար­դալ այդ տե­ղէն գտած եւ 1915-1920 թո­ւա­կան­նե­րուն վե­րա­բե­րող շուրջ 2000 է­ջե­րը։

Միակ գտածս ­Մուս­թա­ֆա ­Քե­մա­լի հրա­մա­նա­տա­րու­թեամբ եօ­թե­րորդ բա­նա­կի կից գոր­ծող տա­սնե­րորդ շտե­մա­րա­նի գուն­դին 10 ­Հոկ­տեմ­բեր 1917ին քո­լէ­ժը գրա­ւե­լուն մա­սին տե­ղե­կա­գիրն էր։ Կր­կին դի­մե­ցի ­Ռաուֆ Օր­պա­յի «Դ­ժոխ­քի ­Ջա­ղաց­քը» յու­շագ­րու­թեան։ 288ե­րորդ է­ջին վրայ կը պատ­մո­ւէր խու­զար­կու­մի պատ­ճա­ռա­բա­նու­թիւ­նը։ «­Մուս­թա­ֆա ­Քեմալ ­Փա­շա կը մե­ղադ­րո­ւի ­Հա­լէ­պէն հե­տը բե­րած հայ որբ մը պահ դնե­լու պնդու­մով»։

Ն­ման նիւ­թով մը աշ­խա­տող Ի­փէք ­Չա­լըշ­լա­րի յանձ­նա­րա­րու­թեամբ դի­մե­ցի նաեւ Իս­մէթ Ի­նէօ­նիւ­ի յու­շե­րուն։ ­Հոն դար­ձեալ հան­դի­պե­ցայ նոյն պնդու­մին։ Այդ շրջա­նի հա­յե­րէն եւ օս­մա­նե­րէն թեր­թե­րը սեր­տող­նե­րը կը վստա­հեց­նէին, թէ այդ աղ­բիւր­նե­րու մէջ այս մա­սին տե­ղե­կու­թիւն մը գո­յու­թիւն չու­նի։ ­Սա­կայն կար ու­սում­նա­սիր­ման կա­րօտ ու­րիշ աղ­բիւր մը։ ­Հա­յոց ­Պատ­րիար­քա­րա­նը հիմ­նած եւ մէ­կու­կէս տա­րի հրա­տա­րա­կած էր «­Լա ­Ռէ­նէ­սէնս» ա­նուն ֆրան­սա­կան պար­բե­րա­կան մը։ ­Թուր­քիոյ գրա­դա­րան­նե­րէն ոչ մէ­կուն մէջ հան­դի­պե­ցայ այդ թեր­թին։ Որ­քան որ գի­տեմ ան­հա­տա­կան հա­ւա­քա­ծո­նե­րուն մէջ ալ գո­յու­թիւն չու­նի։ ­Շուրջ տա­րի մը տե­ւող պրպտում­նե­րէ ետք ­Փա­րի­զի ­Նու­պա­րեան գրա­դա­րա­նի մէջ մա­հա­մերձ վի­ճա­կի միք­րօ­ֆիլմ մը ձեռք բե­րի։ Եւ շա­բաթ մը անց հիաս­թա­փու­թեամբ հա­մո­զո­ւե­ցայ, որ այս աղ­բիւրն ալ ա­պար­դիւն է։ Այդ նոյն շրջա­նին կը թղթա­տէի նաեւ Անգ­լիոյ Ար­տա­քին ­Գոր­ծոց ­Նա­խա­րա­րու­թեան ար­խի­ւը։ ­Հան­դի­պե­ցայ նախ­կին դես­պան ­Պի­լալ ­Շիմ­շի­րի չորս հա­տո­րա­նի «Անգ­լիա­կան փաս­տա­թուղ­թե­րու մէջ Ա­թա­թիւրք» ա­նուն ու­սում­նա­սի­րու­թեան։ ­Բայց հոն ալ ա­մե­նա­հին թո­ւար­կու­թիւ­նը 28 ­Փետ­րո­ւար 1919 էր։ Այ­սինքն ­Մուս­թա­ֆա ­Քե­մա­լի տան մէջ հայ որբ փնտռո­ւե­լու թո­ւա­կա­նին, 10-11 ­Դեկ­տեմ­բեր 1918 թո­ւա­կա­նին մա­սին ոչ մէկ վկա­յու­թիւն։

Այս ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­նե­րը ալ ա­ւե­լի պղտո­րե­ցին գի­տե­լիք­ներս։ ­Տէր ­Ներ­սէս ­Պա­պաեան «Օ­րագ­րէս Է­ջեր» խո­րագրեալ յու­շե­րուն մէջ ­Սե­պիլ­ճեան ըն­տա­նի­քին ալ մաս կազ­մած կա­րա­ւա­նին Այն­թապ վե­րա­դար­ձը կը նշէ 21 ­Նո­յեմ­բեր 1919 թո­ւա­կա­նով։ ­Մայ­րը հա­զիւ այն ժա­մա­նակ սոր­ված ըլ­լա­լու է ­Խա­թու­նի բա­ցա­կա­յու­թիւ­նը։ Ու­րեմն ­Դեկ­տեմ­բեր 1918ին ­Մուս­թա­ֆա ­Քե­մա­լի տան մէջ փնտռո­ւա­ծը ­Խա­թուն չի կրնար ըլ­լալ։ ­Դա­տա­ւոր ­Մատ­թէոս Էվ­լի­կա­տեա­նի յու­շե­րուն մէջ ալ կը խօ­սո­ւի ­Մուս­թա­ֆա ­Քե­մա­լի մօր ­Զիւ­պէյ­տէ­յի եւ ­Պատ­րիարք ­Զա­ւէն ­Տէր Ե­ղիաեա­նի մի­ջեւ տա­րա­կար­ծու­թիւ­նը։ ­Զիւ­պէյ­տէ հայ որբ մը որ­դեգ­րած էր եւ կը մեր­ժէր ­Պատ­րիար­քին վե­րա­դարձ­նել։ ­Բայց այդ որբն ալ մանչ մըն էր՝ Ապ­տուր­րա­հիմ ­Թուն­ճաք։

Կը յի­շէ՞ք յօ­դո­ւա­ծա­գիր ­Մուս­թա­ֆա Էք­մէք­ճին։ ­Խի­զախ ու քա­ջա­րի լրագ­րող մըն էր: Իւ­րա­յա­տուկ ոճ մը որ­դեգ­րած էր, ո­րու շնոր­հիւ կը գրէր ու­րիշ­նե­րուն չհա­մար­ձա­կած նիւ­թե­րու մա­սին։ ­Շատ ան­գամ կը դի­մէր «իբ­րեւ թէ», «կ­՚ը­սեն թէ», «ես ուր­կէ՞ գիտ­նամ»ի նման մէջ­բե­րում­նե­րու, բամ­բա­սան­քի կը վե­րա­ծէր խիստ լուրջ պնդում­նե­րը։ «Ե­նի Օր­թամ» կամ «­Ճում­հու­րի­յէթ» թեր­թե­րու ըն­թեր­ցող­նե­րը սա­կայն կը գի­տակ­ցէին, որ այդ բամ­բա­սան­քի տես­քով մը ներ­կա­յա­ցո­ւած­նե­րը հա­ւաս­տի լրա­տուու­թիւն­ներ են։ ­Զինք յի­շե­լուս դրդա­պատ­ճա­ռը Ան­գա­րա կա­յա­ցած ցու­ցա­հան­դէս մըն է։ Ա­թա­թիւր­քի հո­գե­զա­ւակ Ապ­տուր­րա­հիմ ­Թուն­ճաք իր մօտ գտնո­ւած Ա­թա­թիւր­քի լու­սանկար­նե­րը նո­ւի­րած է հաս­տա­տու­թեան մը։ ­Ցու­ցա­հան­դէ­սի բաց­ման հան­դի­սու­թեան ներ­կայ է նաեւ ­Սա­պի­հա ­Կէօք­չէն։ Այդ ե­րե­կոյ հե­տե­ւեալ զրոյ­ցը կ­՚անց­նի այս եր­կու­քի մի­ջեւ։ «­Սա­պի­հա, դուն զիս կը ճանչ­նաս, ես ալ քեզ լաւ կը ճանչ­նամ» կ­՚ը­սէ Ապ­տուր­րա­հիմ: «Ան­շուշտ կը ճանչ­նամ, շատ լաւ կը ճանչ­նամ» կը պա­տաս­խա­նէ ­Սա­պի­հա։ Էք­մէք­ճի այս յօ­դո­ւա­ծը կ­՚ա­ւար­տէ «­Կը կար­ծեմ, թէ յա­ռա­ջի­կա­յին շա­հե­կան գի­տե­լիք­ներ պի­տի փո­խան­ցեմ Ապ­տուր­րա­հի­մի մա­սին» նա­խա­դա­սու­թիւ­նով։

Էք­մէք­ճի վեց ա­միս անց մա­հա­ցաւ ա­ռանց այս մա­սին գրե­լու։ ­Բայց ե­թէ գրած ըլ­լար, հա­ւա­նա­բար պի­տի հրա­պա­րա­կէր այն ի­րո­ղու­թիւ­նը, թէ Ապ­տուր­րա­հիմ ոչ թէ հո­գե­զա­ւակ այլ հա­րա­զատ որ­դին է ­Մուս­թա­ֆա ­Քե­մա­լին։

Հա­կա­սա­կան տե­ղե­կու­թիւն­նե­րու հսկայ ծրա­րի մը տպա­ւո­րու­թիւ­նը կը թո­ղու ­Մուս­թա­ֆա ­Քե­­­մա­լի որ­դեգ­րած հո­գե­զա­ւակ­նե­րուն տոհ­մա­ծա­ռը։ ­Նոյ­նինքն այդ հո­գե­զա­ւակ­նե­րը, նե­րա­ռեալ ­Սա­պի­հա ­Կէօք­չէն, ընդ­միշտ սուտ ու սխալ տե­ղե­կու­թիւն­ներ փո­խան­ցած են ի­րենց ծնող­նե­րուն մա­սին։ Ու­շագ­րաւ է, որ այս ա­ռու­մով ներ­կա­յա­ցած ա­մէն պատ­մու­թիւն ձե­ւով մը կը ջրէ նա­խոր­դը։ Ոչ թուա­կան­նե­րը, ոչ ան­ձա­նուն­նե­րը եւ ոչ ալ տե­ղա­նուն­նե­րը կը հա­մա­պա­տաս­խա­նեն։

Սա­պի­հա ­Կէօք­չէն ընդ­միշտ հպար­տու­թեան աղ­բիւր մը ե­ղաւ տէր­սիմ­ցի­նե­րը ռմբա­կո­ծե­լու, զան­գո­ւա­ծա­բար կո­տո­րե­լու իր «հե­րո­սու­թեան» պատ­ճա­ռաւ։ Այժմ այդ պա­տի­ւին վրայ ե­կած է ա­ւել­նա­լու կեղ­ծո­ւած ինք­նու­թեան հե­տե­ւան­քով Հ­րանդ ­Տին­քի մա­հո­ւան տա­նող ճա­նա­պար­հին ալ իր ա­նու­նէն մեկ­նած ըլ­լա­լու փաս­տը։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.