Վարդան Պօղոսեան Քուպանէն Տեղափոխուեցաւ Փիւնիկ


7-29-15_vartan-boghossian

Հայաստանի ախոյեան Փիւնիկ կէս տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց յառաջապահ Վարդան Պօղոսեանի հետ, յայտնեց ArmSport.am:

Հայաստանի ֆութպոլի երիտասարդական հաւաքականի նախկին ֆութպոլիստը վերջին մէկ տարին մաս կազմելով Քուպանի, իբրեւ հիմնական մարզիկ դաշտ ներկայացաւ քրասնոտարցիներուն երկրորդ խումբին հետ:

Նախքան Քուպանի միանալը, 23 տարեկան ֆութպոլիստին ակումբն էր սպանական Մուրսիան:

Նշենք, որ Պօղոսեանի կէս տարուան պայմանագրութեան աւարտէն ետք ան պիտի վերադառնայ Քուպան, որմէ փոխ առնուեցաւ:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.