Մարսէլի մէջ Կոմիտասին նուիրուած գիտաժողով պիտի կայանայ


S’art կազմակերպութեան նախաձեռնութեամբ Մարսէլի մէջ պիտի կայանայ գիտաժողով` նուիրուած Կոմիտասին:

Արցախփրէսը կը գրէ, որ Nouvelles d’Armenie-ի փոխանցմամբ` «Հայր Կոմիտասի կեանքն ու ստեղծագործական ուղին» խորագիրով գիտաժողովը պիտի կայանայ Յուլիս 16-ին, որուն ընթացքին պիտի ներկայացուի Կոմիտասի գործունէութիւնը,անոր կեանքը, Հայոց ցեղասպանութեան դրուագներն ու Ֆրանսայի մէջ ապրած  օրերը:

Գիտաժողովին պիտի յաջորդէ համերգ, որուն ժամանակ պիտի հնչեն արդէն Կոմիտասի ստեղծագործութիւնները:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.