7 Հայ Սպաներ Շրջանաւարտ` Լիբանանի Սպայից Վարժարանէն

Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի նախագահութեամբ կայացած բանակի տօնին առիթով Սպայից վարժարանի սուրերու յանձնումի արարողութեան ընթացքին 7 հայ սպաներ եւս ստացան իրենց աւարտական սուրը:

Շրջանաւարտ սպաներն են` Վարագ Տիւքէնճեան, Յակոբ Նշանեան, Մարտիկ Պաթուզեան, Պերճ Քենտիրճեան, Ռուտի Սէֆէրեան, Կարօ Պարտագճեան եւ Էտուին Քորումլեան:

Այս առիթով ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին անունով երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի շնորհաւորեց հայազգի սպաները` անոնց մաղթելով հայրենիքի պաշտպանութեան յաղթական երթ: Իբրեւ հայ սպաներ, Բագրատունի մաղթեց, որ անոնք ըլլան տիպար զինուորականներ եւ արժանանան նորանոր աստիճաններու:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.