Քնեսէթի խօսնակ Եուլի Էգելշթէյն Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու կոչ կ՚ուղղէ Իսրայէլի խորհրդարանին


Քնեսէթը Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու բարոյական պարտաւորութիւն ունի, այսօր, Իսրայէլի խորհրդարանի կրթութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզութեան յանձնաժողովի նիստին յայտարարած է Քնեսէթի խօսնակ Եուլի Էգելշթէյնը:

«Ես այցելած եմ հայկական յուշարձաններէն մէկը եւ դժուար է անտեսել այն, որ տեսած եմ այնտեղ, ըսած է Էտլը: Ես կ’ակնկալեմ, որ ես եւ Քնեսէթը պատշաճ ձեւով կը վարուինք, որպէսզի ընդունինք ժողովրդավարական պետութեան յարիր բարոյական չափանիշերուն համապատասխանող որոշումներ»,- armradio.am-ի փոխանցմամբ` ըսած է Եուլի Էգելշթէյնը:

Քնեսէթի նախագահը բացատրած է, որ շատ կառավարութիւններ չեն ճանչնար այդ ողբերգութիւնը, չնայած ատոնց խորհրդարանները այն կը ճանչնան: «Ես կը փորձեմ բարձրացնել հարցը եւ յոյսով եմ, որ Քնեսէթի անդամները գիտեն ճշմարտութեան պահուն քուէարկելու ճիշդ ձեւը»,- ըսած է ան:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.