Պելճիքայի Խորհրդարանի Արտաքին Յանձնաժողովը Որդեգրեց Հայոց Ցեղասպանութեան Բանաձեւը


0708belgique
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- «Յանուն արդարութեան եւ ժողովրդավարութեան» Եւրոպական հայկական դաշնակցութեան կայքէն քաղելով՝ «Նիուզ» կը հաղորդէ, որ Յուլիս 7ին, Պելճիքայի խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովը Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող եւ դատապարտող բանաձեւ որդեգրեց:

Ընդունուած է խորհրդարանական մեծամասնութեան ներկայացուցած բանաձեւը:
Քննարկումներէն ետք բանաձեւը ընդունուած է, բայց ոչ միաձայն: Ընկերվարական կուսակցութիւնը, «Մարդասիրական ժողովրդավարական կեդրոն» կուսակցութիւնը եւ «Էքօլօ»ն ձեռնպահ քուէարկած են:

Իշխող մեծամասնութիւնը մերժած է ընդդիմութեան առաջարկած փոփոխութիւնները:
Խորհրդարանական մեծամասնութիւնը իր նախագիծը ներկայացուցած է արտահերթ քննարկման, նախքան ամառնային արձակուրդները:

Սակայն բանաձեւի իրենց նախագիծերը ներկայացուցած են նաեւ «Մարդասիրական ժողովրդավարական կեդրոն» կուսակցութիւնը, Ընկերվարական կուսակցութիւնը եւ «Ֆլամանտական շահ» կուսակցութիւնը:

Նշենք, որ Պելճիքայի վարչապետ Շարլ Միշէլ, Յունիս 18ին, երկրի Ներկայացուցիչներու պալատին մէջ ունեցած ելոյթի ընթացքին, իր կառավարութեան անունով ճանչցած էր Հայոց Ցեղասպանութիւնը:
«Կը կարծեմ, որ 1915-1917 թուականներու ողբերգական իրադարձութիւնները, զորս նախաձեռնած էր Օսմանեան կայսրութեան վերջին կառավարութիւնը, պէտք է որակուին որպէս ցեղասպանութիւն», ըսած էր վարչապետը:

Յիշեցնենք, որ Պելճիքայի Ծերակոյտը, 1998ին, յատուկ բանաձեւով ճանչցած էր Հայոց Ցեղասպանութիւնը:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.