Թուրքիոյ Մէջ Հակահայ Ցեղապաշտական Դրսեւորումները Դատապարտող Յայտարարութիւն


ԱՆԳԱՐԱ, «Ermenihaber.am».– Վերջին շրջանին հայ մտաւորականներուն ու երեսփոխաններուն հասցէագրուած ցեղապաշտական դրսեւորումները դատապարտող յայտարարութիւն մը հրապարակուած է «Անգարայի միտքի ազատութեան նախաձեռնութեան» կողմէ։ Յայտարարութեան տակ ստորագրած են 200 մտաւորականներ՝ ակադեմիկոսներ, արուեստագէտներ, իրաւաբաններ եւ քաղաքական գործիչներ, որոնց կարգին՝ ճանչցուած գրող, լրագրող Տէյվիտ Պարսամեան:

Ըստ թրքական «gercekgun-dem.com» լրատուական կայքին՝ յայտարարութեան մէջ կը դատապարտուի նաեւ քաղաքական եւ դատական կառոյցներուն լռութիւնը այս խնդիրին վերաբերեալ:

«Համախոհական խաղերու այս ժանամակաշրջանին Էրտողանի վարչակարգի շարունակականութիւնը ապահովելու համար սկսած է ամօթալի արշաւ մը: Ամօթալի, որովհետեւ թիրախ ընտրուած են մեր հայ եղբայրները, զորս սկսած ենք կոտորել 19րդ դարու սկիզբներէն: Անիի աւերակներուն մէջ նախնիներուն համար աղօթող հայ կնոջ առջեւ ազան կը կանչեն: Կարսի «Ուլքիւ օճաքլարը» խմբաւորումները կը յայտարարեն փողոց ելլելու եւ հայերու որսորդութեան սկսելու մասին։ Ազգայնական շարժում կուսակցութեան անդամ, Ատանայի քաղաքապետին՝ հասարակաց տուներու սեփականատէրին կողմէ, հարկերը բարեխղճօրէն վճարած լուսահոգի հայ Մաթիլդ Մանուկեանի անուան մէջբերմամբ արձանագրութիւնն ալ ասոր վերջին օրինակն է», նշուած է յայտարարութեան մէջ։

Յայտարարութեան երկրորդ բաժինով հեղինակները կը նշեն, որ ներկայիս ալ թիրախ դարձած են տարբեր կուսակցութիւններէ ընտրուած 3 հայ երեսփոխանները՝ վրդովմունք յայտնելով, որ վերջիններուս ուղղուած ցեղապաշտական ու ատելութիւն պարունակող յայտարարութիւնները կ՛անտեսուին դատական մարմիններուն կողմէ։ Նաեւ նշուած է, որ կուսակցութիւնները, որոնց անդամ են 3 հայ երեսփոխանները, պէտք է անմիջապէս քննադատական յայտարարութիւն հրապարակեն եւ համապատասխան նախաձեռնութիւններով հանդէս գան այս ցեղապաշտական յարձակումներուն վերաբերեալ։

«Այս պարտականութիւնը խոր-հրդարանի կուսակցութիւններուն յանձնառութիւնն է, որպէսզի վաղը, երբ գրուի այսօրուան պատմութիւնը, իրենք իրենց երեխաներուն ու թոռներուն առջեւ վատ դրութեան մէջ չգտնուին», կ՛եզրափակէ յայտարարութիւնը:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.