ԱՄՆ Քոնկրեսի Գրադարանին Մէջ Ցեղասպանութենէն Փրկուած Հայերու Մասին Բացառիկ Տեսանիւթեր Յայտնաբերուած Են


0707newdiscoveries

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Եռագոյն».- Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի գրադարանին մէջ յայտնաբերուած են Հայոց Ցեղասպանութենէն փրկուած հայերու մասին բացառիկ տեսանիւթեր, որոնք կը պատկերեն, թէ ինչպէս հայ փախստականներն ու որբ երեխաները նաւակներով կը հեռանան Թուրքիայէն:

Տեսանիւթերը բացառիկ են, քանի որ նախապէս կը համարուէր, որ Ցեղասպանութեան տարիներուն փախուստի դիմած հայերը պատկերուած եղած են միայն լուսանկարներու մէջ: Այսպիսով, Քոնկրեսի գրադարանին մէջ յայտնաբերուած տեսանիւթերը հայերը Ցեղասպանութեան տարիներուն պատկերող առաջին յայտնի տեսագրութիւններն են, կը գրէ PanArmenian.net-ը՝ վկայակոչելով Armenia Today-ը:

Տեսանիւթերը հաստատուած եւ վերականգնուած են մասնագէտներու կողմէ եւ պիտի ցուցադրուին Իտալիոյ մէջ Cinema Ritrovato («Վերականգնուած կինօ») Պոլոնիայի 29-րդ կինոփառատօնի ժամանակ` «Հայաստան` մարդասիրութեան բնօրրան» ընդհանուր վերնագիրով: Փառատօնի պատասխանատու Մերիան Լուինսքին, որուն օգնութեամբ բացայայտուած են այդ բացառիկ տեսանիւթերը, կը պատմէ, որ անոնք նկարահանուած են 1923 թուականին Թուրքիոյ տարածքին:

«Ես նկատեցի, որ տեսագրութիւններուն վրայ Սթամպուլի յայտնի վայրերը պատկերուած են: Ատիկա Սթամպուլն է, եւ այնտեղ պատկերուած է մանկատունը, ուր պատերազմէն ետք բրիտանացիները հայ որբ երեխաները կը խնամէին մինչեւ Սթամպուլէն զանոնք տեղափոխելը», կ՛ըսէ Լուինսքին:

 

Անոր խօսքով` տեսանիւթերու բացայայտումը ուղղակի հրաշք էր: Մինչ Քոնկրէսի գրադարանին մէջ յայտնուիլը անոնք պահուած են Օրեկոնի պատմական հասարակութեան պահոցին մէջ: Հեղինակը դեռ անյայտ կը մնայ: «Այս տեսանիւթերու ցուցադրութիւնը մեզի համար յարգանքի տուրքի մատուցում է, մենք անոնք կը դիտարկենք որպէս պատմական իրողութիւն: Ներկայիս բանակցութիւններ կը վարենք Սթամպուլի կինոփառատօնի կազմակերպիչներուն հետ: Անոնք արտառոց մարդիկ են, եւ հնարաւոր է` այդ տեսանիւթերը ցուցադրենք նաեւ Սթամպուլի մէջ», – ըսած է Մերիան Լուինսքին:

 

Թուրք պատմաբան Ումիթ Քուրթը եւ լրագրող Ալեւ Էրը Փարիզի Նուբարեան գրադարանին մէջ կատարած ուսումնասիրութիւններու ժամանակ յայտնաբերած են ցեղասպանութեան մասին վկայող փաստաթուղթ մը` յայտնի գրող Զապէլ Եսայեանի 11-էջնոց զեկոյցը, որով հեղինակը ներկայացուցած է 1915-ին եւ անկէ ետք հայ կանանց եւ աղջիկներուն պատուհասած դժբախտութիւնները:

 

Անոնց կարծիքով այդ փաստաթուղթը մինչեւ այսօր հրատարակուած չէ եղած: Ըստ «Ակօս» թերթին` այդ զեկոյցը ներկայացուած է Փարիզի Խաղաղութեան համաժողովին հայկական պատուիրակութեան անդամ Պօղոս Նուպար Փաշային: Վերջինս ալ զայն յանձնած է համագումարին մասնակից երկիրներու ներկայացուցիչներուն:

 


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.