Իսրայէլի Մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան Հարցով Փոփոխութիւն Կը Նկատուի


Իսրայէլի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան հարցով վերաբերմունքի փոփոխութիւն կը նկատուի։ Այս մասին կը հաղորդէ News.am-ը, որուն թղթակիցը զրուցած է ՀՀ-ի մէջ Իսրայէլի դեսպան Շմուէլ Մէյրոմի հետ։

Անդրադառնալով այն հարցին, թէ կարելի՞ է կարծել, որ Իսրայէլի դիրքորոշման մէջ որոշ փոփոխութիւններ կան, յատկապէս Քնեսեթի խօսնակ Եուլի Էտըլշդէյնի յայտարարութենէն յետոյ, դեսպանը նշած է, որ խորհրդարանի մեծամասնութիւնը կողմ է ճանաչման:

«Սակայն ատիկա պէտք է որոշէ կառավարութիւնը, ոչ թէ խորհրդարանը: Այնպէս որ հնարաւոր է ապագային որեւէ բան փոխուի»,- յայտարարած է դեսպանը:

Յիշեցնենք, որ Իսրայէլի խորհրդարանի նախագահ Եուլի Էտըլշդէյն կոչ ուղղած էր վերանայելու Իսրայէլի դիրքորոշումը Հայոց Ցեղասպանութեան հարցով` հայերու սպանութիւնները «Մարդկութեան վրայ բարոյական բիծ» անուանելով:

Քնեսեթի մէջ ելոյթի ընթացքին Էտըլշդէյն յայտարարած էր, թէ պատմութիւնը չի կրնար փոփոխուիլ եւ Իսրայէլի դիրքորոշումը որակած էր «չափազանց անվճռական եւ չափազանց զուսպ»:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.