Շուշիի «Արամ Մանուկեան Ճամբար»ը կը բոլորէ իր 11-րդ տարին


Անցեալ տասը ամառները յաջորդաբար, Արցախի առասպելական – սակայն դժբախտաբար տակաւին ոչ ամբողջովին վերականգնած – Շուշի քաղաքին մէջ, տեղի կ’ունենայ երեխաներու եւ պատանիներու «Արամ Մանուկեան Ճամբարը»։

 Գանատաբնակ Այտա Շամլեանի յղացմամբ, ծրագրումով եւ պատրաստութեամբ, անոր ամուսնոյն Հայդուկի գործադիր օժանդակութեամբ եւ իրենց երկու զաւակներու Տեսիլի եւ Պատրոյգի մասնակցութեամբ, այս ընտանեկան յարատեւ նախաձեռնութիւնը Արցախի մէջ վերածուած է այլեւս հիմնարկութեան:

 Ճամբարը կը բոլորուի մէկ ամսուայ աշխատանքային օրերու համազօր ժամանակաշրջանի վրայ (մէկ շաբթուայ կազմակերպչական աշխատանքներէ ետք՝ երեխաներն ու պատանիները կը յաճախեն երեք լրիւ շաբաթներ անդադար, նեռարեալ շաբաթ ու կիրակի):  

 Ճոխ եւ բովանդակալից ծրագիրը պատրաստուած է մշակոյթի, արուեստի, ազգի ու հաւատքի հիմունքներու վրայ : Ան կ’ընդգրկէ դաստիարակչական եւ զուարճալի բազմաթիւ խաղեր, կրթական եւ մարզական բազմատեսակ զբաղումներ, մշակութային արտայայտութեան պահ, ճաշ, խաղի ձեւով գիտական փաստարկումներ, իմաստալից շարժանկարի ներկայացում, եւ ձեռային աշխատանքներու եւ գեղարուեստի յատուկ բաժին մը։  Ճամբարի աւարտին, մեծ մասամբ Գանատայէն տարուած ու յայտագրին ծառայող ամբողջ մթերքը լիովին կը բաժնուի երեխաներուն եւ պատանիներուն։ Իսկ անոնք ամէն օր, իրենց ուրախութեան եւ գոհունակութեան զգացումներուն հետ, իրենց տուները կը տանին նաեւ ճամբարի ընթացքին իրենց սարքած ձեռարուեստի իւրայատուկ գործերը։

 Յառաջիկայ Յուլիս 13-ին, յաջորդական տասըմէկերորդ տարուայ համար, դարձեալ  կը բացուի «Արամ Մանուկեան» ամառային մանկապատանեկան Ճամբարը, Նարեկացի Արուեստի Միութեան Շուշիի համալիրին մէջ: (Այս տարի, պատանիներու նոր ու յաւելեալ խումբի մը կազմութեամբ, նախատեսուած է նաեւ ծրագիրը ճիւղաւորել՝ Շուշիի Արսեն Խաչատրեանի Անուան Պետական Հումանիտար Քոլեջ–ի շէնքին մէջ: )

 Երեխաներու եւ պատանիներու մասնակցութիւնը այս Ճամբարին անշուշտ ամբողջովին անվճար է: Իսկ ծրագրի գործադրութեան համար, գործի կը կանչուին տեղացիներ (վարձատրուող անձնակազմը բաղկացած է նուազագոյնը 22 անդամներէ): Ճամբարի վերաբերող ապրանքներու գնումի մէկ մասը, որքան որ հնարաւոր է, կը կատարուի Արցախի մէջ, իսկ ամբողջ ուտեստեղէնը կ’ապսպրուի տեղւոյն խանութներէ  եւ հայթայթողներէ:

 Մի քանի տարիներէ ի վեր, Այտա-Հայդուկ Շամլեաններու այս յատուկ առաքելութեան կանոնաւորապէս թիկունք կը կանգնին անոնց ընտանեկան եւ ընկերական հարազատ շրջանակի բազմաթիւ անդամներ, ոչ միայն Գանատայի մէջ, այլ աշխարհի ամէն կողմէ: Շնորհիւ անոնց ինքնաբուխ, նշանակալից եւ խոնարհ զօրակցութեան, որու մասին յատկապէս լաւատեղեակ եւ երախտագէտ է Արցախի բնակչութիւնը, «Արամ Մանուկեան Ճամբարը» կը շարունակէ եւ տեւաբար կ’ընդլայնէ Մայր Հայրենիքի մէջ իր անայլայլ գործունէութիւնը:

 Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար ՝ http://www.shoushisummercamp.org/  

 Տեսնել նաեւ նոյն նիւթի վերաբերեալ Հորիզոնի հետեւեալ հարցազրոյցը՝

http://www.horizonweekly.ca/news/details/13002


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.