Վէրժիհան Զիֆլիօղլուի գիրքը PKK-ի զինեալ պայքարին միացած եւ իսլամացած հայերու մասին է


Յառաջիկայ օրերուն Իսթանպուլի Iletisim հրատարակչատունը պիտի հրապարակէ պոլսահայ լրագրող եւ հրապարակագիր Վէրժիհան Զիֆլիօղլուի «Արաֆի հայերու պատմութիւնը» գիրքը (Araftaki ermenilerin hikayesi): 

Գիրքը կը ներկայացնէ վկայութիւնները այն հայերուն, որոնք մասնակից դարձած են 1980-ական եւ 1990-ական թուականներուն թրքական իշխանութիւններուն դէմ ծաւալած ՔԱԿ-ի (Քրտական Աշխատաւորական Կուսակցութիւն, PKK) զինեալ պայքարին, ինչպէս նաեւ պատմութիւնները այն հայերուն, որոնց նախահայերը Հայոց Ցեղասպանութեան օրերուն դաւանափոխ դառնալով իսլամացած են: Գիրքը կ՚անդրադառնայ նաեւ այն թուրքերուն, որոնք Մեծ Եղեռնի օրերուն փրկած են հայեր:

Վէրժիհան Զիֆլիօղլու այս գիրքին վրայ աշխատած է 12 տարի:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.