ԲԱՂՐԱՄԵԱՆ ՊՈՂՈՏԱՅԻ ԱՆԵԼԸ


Երէկուընէ ի վեր Հայաստանի Հանրապետութեան մայրաքաղաքին վրայ կախուած է դամոկլեան ահաբեկիչ սուրը՝ արդեօ՞ք իշխանութիւնները ի վերջոյ պիտի դիմեն Բաղրամեան Պողոտայի ցուցարարներու պատնէշը քանդելու ճակատագրական քայլին…պիտի գա՞յ արդեօք այդ պահը և գայ ի՞նչ գնով։

Այս պահուն դժուար է գուշակութիւններ ընել, թէ ու՞ր կը հասնի ի վերջոյ առճակատման այս մտահոգիչ հոլովոյթը երկրի կեանքին մէջ։ Յստակ է միայն մէկ բան։ Իրերու ներկայ դրութեամբ, Բաղրամեան Պողոտայի պատնէշը վերցուի՞ կամ ոչ, ամէն օր աւելի ամուր և սպառնալից՝ իշխանութիւնը պիտի շարունակէ դիմագրաւել այն հոգեբանակա՛ն պատնէշը, որ զինք կը բաժնէ ժողովուրդի ստուար մէկ զանգուածէն։ Եւ այն իրողութիւնը, որ անցնող բազմաթիւ տարիներու ընթացքին Խորհրդարանի կեանքէն դուրս պահուած են երկրի ընդդիմադիր ուժերը, ինքնին կու գայ հաստատելու, որ պետական համակարգէն ներս արդէն լայն չափերով նուիրականացած է խզման մտայնութեամբ գործելու վերնախաւի մշակոյթը։

Իրականութեան մէջ, ելեկտրականութեան սակագնի բարձրացման շարժառիթով դրսևորուած այս տարերային շարժումը մեծ նուէր մըն է ՀՀ Մեծարգոյ Նախագահին։ Անիկա թանկագին ախտանիշն է, զոր պէտք է ողջունել մեծագոյն լրջութեամբ և հաստատակամութեամբ։ Հասարակութեան հիւանդ մարմինը պէտք ունի հիմնական և արմատակա՛ն ախտազերծման։ Ասիկա այն անգին և եզակի պատեհութիւնն է, զոր պէտք է ճիշտ գնահատել և որմէ անպայման պէտք է օգտուիլ և զայն ընել մեծ սկիզբ մը հայ մարդու կեանքին մէջ։ Նախագահն ու կառավարութիւնը պէտք է դիմադրեն երկրի հարցին մակերեսային լուծումներ միայն բերելու վտանգաւոր փորձութեան։ «Բուժել» ախտանիշը՝ փոխանակ բուժելու տառապող մարմինը անհեթեթութիւն է և անարգա՛նք՝ հանդէպ մեր ժողովուրդին։ «Վե՛րջ Թալանին» կարգախօսը երիտասարդական ընդվզումէ մը բխած և րոպէին միայն պատկանող սոսկ պահանջ մը չէ, զոր կարելի ըլլայ ժամանակաւոր լուծումներով գոհացնել։ Այդ պահանջի ետին այսօր կեցած է ամբողջ ժողովուրդը Հայրենիքի և Սփիւռքի մէջ։ Նոյնիսկ անո՛նք՝ որոնք ցարդ ինչ-ինչ հաշիւներով իրենց քուէն տուած են ներկայ իշխանութեան, այսօր կանգնած են այս նոյն հարցին աջև։ Աւելի քան քսան տարիներէ ի վեր քաշքշուող և երեք նախագահներու հովանաւորութիւնը վայելող վերնախաւի այս ապաբարոյ մեղրալուսինը վերջ պէտք է գտնէ միանգամընդմիշտ։

Բաղրամեան Պողոտայի պատնէշը այսօր կը խորհրդանշէ մեր ազգային միասնականութեան մեծ անելը։ Ես կասկած չունիմ, որ մենք պիտի կրնանք հզօր կարողականութեամբ դիմագրաւել մեր ազգային անվտանգութեան մեծ խնդիրները այսօր և ապագային. պայմանա՛ւ՝ որ մեր ժողովուրը ի խորոց սրտի համոզուի, որ այս երկիրը իրն է և որ ինք տէրն է իր ճակատագրին և որ իր քուէն ուժ է և որ այդ քուէն երկրի միակ վստահելի ուժն է և որ արդէն անվիճելիօրէն սկսած է բուժման խիզախ գործընթացը պետութեան բոլոր ծաւալները ընդգրկող յեղափոխական յանձնառութեամբ։

Կարօ Արմենեան
Յունիս 29, 2015
Երևան


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.