Հայկական Ցեղասպանութեան Հարիւրամեակի Օնթարիոյի Մարմնի տեղեկագիր


Յարգելի Օնթարիոյի հայրենակիցներ,

Մայիս 2015-ի վերջաւորութեան իր գագաթնակէտին հասաւ Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամ­եակին նուիրուած եւ յաջողութեամբ պսակուած ձեռնարկներու առաջին հանգրուանը եւ ազդանշանը տրուեցաւ մեր գրքոյկին մէջ նախապէս ծրագրուած ու յայտարարուած ձեռնարկնե­րու երկրորդ հանգրուանին: Հարիւրամեակի յանձնախումբը կը հաւատայ, որ յառաջիկայ ձեռնարկներն ու ծրա­գիր­ները նոյնքան ուժեղ պիտի ըլլան եւ նոյնպիսի յաջողութեամբ պիտի պսակուին, այնքան ատեն որ ու­նինք աջակցութիւնը, համագործակցութիւնը եւ մասնակցութիւնը բոլոր հայ կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու: Ստորեւ պիտի փորձենք այս տեղեկագիր-յօդուածով ներկայացնել մեր բոլոր ձեռ­նարկները, որոնք տեղի ունեցան Յունուարէն մինչեւ Մայիս 2015: Կ’ուզենք անգամ մը եւս ձեր ուշադ­րութեան յանձնել թէ Հարիւրամեակի Յանձնախումբը բաղկացած է թորոնթոհայ գաղութի կազմակեր­պութիւններու` չորս եկեղեցիներու, երեք քաղաքական կուսակցութիւններու եւ երկու բարեսիրական միութիւններու` ՀՕՄ-ի եւ ՀԲԸՄ-ի ներկայացուցիչներէ: Հայկական բոլոր այլ միութիւնները մաս­նակ­ցեցան ենթայանձնախումբերու աշխա­տանքներուն եւ հանդիսացան բաղկացուցիչ ուժը մեր հարիւ­րամ­եակի ձեռնարկներու կազմակերպման եւ իրականացման: Հակառակ որ Հարիւրամեակի Յանձ­նա­խումբի աշխատանքները Գանատայի տա­րածքին սկսած էին աւելի քան մէկ տարի առաջ, սակայն Ցե­ղասպանութեան նուիրուած ձեռնարկները Թորոնթոյի մէջ մեկնարկեցին Յունուար 2015-ին:

1.- Հարիւրամեակի առաջին ձեռնարկը կայացաւ Հրանդ Տինքի սպանութեան ութերորդ տարելիցին առիթով, որ զուգադիպեցաւ «Չարլի Հեպտօ»-ի (Charlie Hebdo) ահաբեկչական գործողութեան Փարիզի մէջ: Երկու միջադէպերն ալ յարձակումներ էին մամլոյ եւ խօսքի ազատութեան վրայ: Յիշատակի ձեռ­նարկը լաւապէս կազմակերպուած էր, որու բանախօսն էր Տիկին Ֆէթհիէ Չէթին (Fethiye Çetin), Հրանդ Տինքի փաստաբանը Թուրքիոյ մէջ: Ներկայ ամբոխին եւ գանատական լրատուամիջոցներու ներկա­յու­թիւնը, CBC եւ CP24, եկան ամրապնդելու արդարութեան պահանջքը բոլոր զոհերուն հանդէպ:

2.- Հարիւրամեակի երկրորդ ձեռնարկը, որ տեղի ունեցաւ Փետրուար ամսուն, ունէր կրթական բնոյթ։ “Sara Corning Institure for Genocide Education”-ի կողմէ ծրագրուած եւ կազմակերպուած սեմինար` ուր համախմբուեցան ուսուցիչներ որոնք Հայոց Ցեղասպանութեան դասընթացք կը դասաւանդեն Թորոն­թոյի պետական դպրոցներուն մէջ: Միօրեայ այս սեմինարին մասնակցեցան 30 ուսուցիչներ, որոնք 9-րդ դասարանէն 11-րդ դասարանի աշակերտներու կը դասաւանդեն ցեղասպանութեան նիւթեր:

3.- University of Toronto համալսարանին մէջ Թորոնթոյի թրքական կազմակերպութիւններու կողմէ կազմակերպուած Ցեղասպանութեան հերքումի ձեռնարկի ձախողութենէն անմիջապէս ետք, որուն մաս­նակցեցան երկու անուանի Հայոց Ցեղասպանութիւնը ժխտողներ` McCarthy եւ Fines, նոյն համալ­սա­րանին մէջ Հայ Ուսանողներու Միութիւնը եւ «Արմէն Գարօ» Ուսանողական Միութիւնը Հայոց Ցե­ղաս­պանութեան մասին կազմակերպեցին դասախօսական երեկոյ մը, նիւթ ունենալով «Ճանաչում` մինչեւ հատուցում»: Երեք յայտնի հիւր դասախօսները` Dr. Fatma Göçek, Dr. Jermaine McCalpin եւ Dr. Henry Theriault մեծ հետաքրքրութեամբ ներկայացուցին նիւթը 400 հոգինոց ամբողջովին լեցուն սրահի ներկաներուն, օգտագործելով համեմատական ​​մոտեցում ,երբ կը քննարէին արդարութեան եւ հատուցման թեման, քանի որ անմիջականօրէն կը վերաբերի Հայոց ցեղասպանութեան: Այս ձեռնարկը մեծ ձեռքբերում էր ոչ միայն հայ ուսանողական կազմակերպութիւննե­րուն համար, այլ նաեւ` Թորոնթոյի հայ համայնքին: Դասախօսութիւնները կրնաք գտնել հա­րիւ­րամ­եակի մեր կայքէջին մէջ: 

4.- Armenian Memorial Faith Build – Համագործակցութեամբ Թորոնթոյի Habitat for Humanity-ի, Ս. Եր­րոր­դութիւն Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հայ Ընտանիքի Օգնութեան Ծառայութիւնը, աջակցու­թեամբ Հարիւրամեակի Յանձնախումբին, համախմբեց կամաւոր երիտասարդներ «100 երիտասարդ 100 տար­ուայ համար» խորագրին տակ, ի յիշատակ Հայոց Ցեղասպանութեան: Հակառակ որ մեր նա­խա­հայրերը Օսմանեան իշխանութեան եւ զինուարականութեան կողմէ տեղահանուեցան Արեւմտա­հա­յաս­տանի իրենց քաղաքներէն ու տուներէն, մենք այսօր ժամանակ եւ միջոցներ կը նուիրենք` կա­ռու­ցելու նոր տու­ներ չքաւոր ընտանիքներու համար, հազարաւոր մղոններ հեռու` Գանատայի մէջ: Աւելի քան 100 կամաւոր երիտասարդներ մասնակցեցան այս աշխատանքներուն: Երկու խումբի բաժնուած` 50-ական, անոնք կառուցեցին տուներ 28 Մարտ եւ 11 Ապրիլ 2015-ին, եւ հանգանակեցին աւելի քան $25.000 այս շատ կարեւոր համայնքային գործին համար:

Ապրիլ ամիսը Օնթարիոյի Հայոց Ցեղասպանութեան Հարիւրամեակի Յանձնախումբին համար հանդի­սացաւ ամենէն բեղուն ամիսը, որուն ընթացքին իրագործուեցան շատ մը ձեռնարկներ.-

 5.- «Միասնութեան Քայլարշաւ»` առաջինը իր տեսակին մէջ Թորոնթոյի մէջ, որուն մասնակցեցան 20-րդ դարու ընթացքին ցեղասպանութեան եւ ցեղասպանական արարքներու ենթարկուած այլ փոքրա­մաս­նու­թիւններու ներկայացուցիչներ: Հարիւրամեակի Յանձնախումբը ամիսներ շարունակ աշխա­տե­ցաւ, հանդիպումներ ունեցաւ այլ փոքրամասնութիւններու ներկայացուցիչներու հետ, ինչպէս նաեւ ոստիկանութեան հետ, լաւագոյն ձեւով կազմակերպելու համար այս հանրահաւաքը եւ քայլարշաւը` Կիրակի, 19 Ապրիլ 2015-ին: Ձեռնարկը ժամը 12։30-ին սկսաւ ընդունելութեամբ մը Queen’s Park շէնքին մէջ, որուն ներկայ էին հրաւիրուած քաղաքական եւ հայկական կազմակերպութիւններու ներկայացու­ցիչներ, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Տիար Արմէն Եգանեան, Աբգար Եպս. Յովակիմեան եւ Մեղրիկ Եպս. Բարիքեան։ Ընդունելութեան յաջորդեց հան­րա­հաւաքը օրէնսդիր իշխանութեան շէնքին առջեւ, կ. ե. ժամը 1:00-ին, որուն իրենց դրօշակներով մաս­նակցեցան այլ համայնքներ: Բանախօսներու շարքին էին Գանատայի պաշտպանութեան նախարար Jason Kenny, Օնթարիոյի վարչապետուհի Kathleen Wynn, ընդդիմութեան ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ գանատական երեք կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ` դաշնակցային եւ նահանգային կա­­ռավարական մակարդակներով, Թորոնթոյի քաղաքապետ John Tory, բազմաթիւ քաղաքապետա­կան խոր­հուրդներու անդամներ եւ Մարքամի քաղաքապետ Frank Scarpitti: Մօտաւորապէս 30 քաղա­քական ներկայացուցիչներու ընտրանի մը մասնակցեցաւ հանրահաւաքին: 

Խօսք առին վերը յիշուած քաղաքական ներկայացուցիչները, որոնք եկան հաստատելու Հայոց Ցե­ղաս­պանութեան իրականութիւնը եւ զայն անմիջականօրէն կապեցին այն իրադարձութիւններուն հետ որոնք ներկայիս տեղի կ’ունենան Միջին Արեւելքի մէջ: Քաղաքական ձեռնարկէն անմիջապէս ետք, համախմբուած 5000 ցուցարարները քալեցին դէպի հարաւ` անցնելով համալսարանի պողոտայէն դէպի Queen փողոց, հասնելու համար Metropolitan United Church, ուր տեղի ունեցաւ աննախադէպ միջ-համանքային եկեղեցական արարողութիւն, նախագահութեամբ Բարձ. Թովմաս Կարտինալ Քո­լին­­զի, կարտինալ Գանատայի Կաթողիկէ Համայնքի եւ հոգեւոր առաջնորդ Թորոնթոյի Կաթողիկէ Հա­մայնքի, մասնակցութեամբ քոյր եկեղեցիներու հոգեւորականներու: Բազմաթիւ հիւրեր, ներառեալ քա­ղա­քապետերը, մասնակցեցան Ցեղասպանութեան յիշատակման այս իւրայատուկ քայլարշաւին։

6.- Արեան տուչութեան արշաւի` “Blood for Memory”-ի բացումը կատարուեցաւ 12 Ապրիլ 2015-ին, Թո­րոնթոյի Հայ Կեդրոնին մէջ: Ձեռնարկը կազմակերպուած էր ACMAO-ի (Օնթարիոյի Գանատահայ Բժշկական Ընկերակցութիւն) կողմէ, որպէս մասնակցութիւն համաշխարհային արշաւին` հաւաքելու 1,5 միլ­իոն արեան միաւոր, ի յիշատակ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն: Բացման խօսքով հանդէս եկան Օնթարիոյի Գանատահայ Բժշկական Ընկերակցութեան նախագահ Տոքթ. Անի Հասըրճեան եւ Տոքթ. Սիրիլ Թահթաճեան: Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Տիար Արմէն Եգանեանն ու իր երկու զաւակները մասնակցեցան եւ եղան առաջին նուիրատուները արեան արշաւին: Եղան 80 արեան նուիրատուներ: Արեան տուչութեան արշաւը, հովանաւորուած Canadian Blood Services-ի կողմէ, կը շա­րունակուի մինչեւ 2015 տարուան վերջը: Canadian Blood Services-ը յատուկ դիմումնագրեր պատ­րաս­տած է, որոնք մեր հանրութիւնը կրնայ օգտագործել` շարունակելու արշաւը եւ հասնելու մեր որո­շած թիրախին: Գանատական լրատուամիջոցներու ներկայութիւնը նշանակելի էր. Global Views եւ CBC ներ­կայ էին եւ հաղորդումներ սփռեցին այս ձեռնարկին մասին: 

7.- Գիրքի ցուցահանդէսներ կազմակերպուեցան մեր մշակութային ձեռնարկներու ծիրէն ներս: Ենթա­յանձնախումբը կարողացաւ ստանալ համապատասխան ար­տօ­նութիւն` ցուցադրելու բազմաթիւ լեզուներով գիրքեր Հայոց Ցեղասպանութեան մասին: Ցուցահան­դէս­ներ կազմակերպուեցան երեք հանրային գրադարաններու մէջ. Toronto Refenrence Library, որ կը գտնուի Yonge եւ Davenport պողոտային վրայ, Fairview Mall-ի հանրային գրադարանը, եւ University of Toronto-ի Robarts գրադարանը St. George ուսանողական լսարանին մէջ: Գիրքի ցուցահանդէսները շա­րունակուեցան ամբողջ Ապրիլ ամսուան ընթացքին: Robarts գրադարանի ցուցահանդէսը, ունենալով որպէս համադրող Հասմիկ Թորոսեանը, հովանավորութեամբ Թորոնթոյի համալսարանի գրադարաններու, Corning կեդրոնի եւ Հայ Ուսանողներու Միութեան, առաւել ծա­ւա­լուն հանդիսացաւ, ունենալով 7 խոշոր ցուցահանդէսի պահարաններ Հայոց Ցեղասպանութեան վե­րաբերող գիրքերով, 5 տարբեր լեզուներով.

8.- Չորեքշաբթի, Ապրիլ 22-ը յատուկ օր մըն էր թորոնթոհայութեան համար, որովհետեւ Հայոց Ցեղաս­պանութեան 1,5 միլիոն զոհերու, ինչպէս նաեւ ազգի մը ցեղասպանութեան մոխիրներէն գոյառման յիշատակի օրն էր: Ասիկա լաւ ապացոյց է, որ հայ ազգը ոչ միայն կը գոյատեւէ 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութենէն ետք, այլ բարգաւաճած է` վերստեղծելով իր մշակութային ժառանգութիւնը եւ երաժշտութիւնը: The Toronto Symphony Orchestra-ի այդ գիշերուան ելոյթը նուիրուած էր հայկական երաժշտութեան, «Արարատ` Հայաստանի երաժշտութիւն» խորագրին տակ: Նուագախումբի ղեկավար Փիթըր Ունճեան կատարած էր բարձրորակ աշխատանք` առաջնորդելով նուագախումբը եւ հրամ­ցնե­լով ներկաներուն հայկական երաժշտութիւն, իր հետ ունենալով հանրածանօթ հիւր կատարողներ, ինչպէս` սոփրանօ Իզապէլ Պայրաքտարեանը, դաշնակահար Սերուժ Գրաճեանը, համաշխարհային հռչակ վայելող ջութակահար Սերկէյ Խաչատրեանը եւ հայկական ազգային աւանդական գործիքնե­րու` թառի, տուտուկի եւ քամանչայի վրայ կատարողներ: 2800 հոգինոց Roy Thompson սրահը ամբող­ջո­վին լեցուած էր եւ երեկոն պսակուեցաւ մեծ յաջողութեամբ: Այս ձեռնարկին ծախսերը ամբողջու­թեամբ հանգանակուած էին համերգի յանձնախումբի անդամներուն կողմէ: 

9.- 23 Ապրիլ 2015-ին Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ յատուկ եկեղեցական արարողութիւն, մասնակցութեամբ հայկական միւս եկեղեցիներու բոլոր կղերականննե­րուն: Նոյն միջոցին, Հայոց Ցեղասպանութեան 1,5 միլիոն նահատակներու սրբադասման արարողու­թիւ­նը կը կատարուէր Ս. Էջմիածնի Մայր Տաճարին մէջ, որուն կ’ընկերակցէին աշխարհի տարածքին հայկական բոլոր եկեղեցիները: Այս ուշագրաւ արարողութիւնը, որուն ներկայ էին հարիւրաւոր թորոն­թոյահայեր, եզրափակուեցաւ հարիւր ղօղանջներով, ի յիշատակ Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին:

10.- Ուրբաթ, Ապրիլ 24-ին, Օթթաուայի մէջ կայացած բողոքի ցոյցը եւ M-587 օրինագիծի վաւերացումը աննախադէպ միջոցառումներ էին, որոնց Օթթաուա առաջին անգամ ըլլալով Ցեղասպանութեան ցոյ­ցե­րու 45 տարուայ պատմութեան մէջ ականատես եղաւ, թէ՛ մասնակցողներու թիւով, թէ՛ իրա­գոր­ծուած ձեռքբերումներով: Թորոնթոյի եւ հարաւային Օնթարիոյի հայկական համայնքները 40 հանրակառ­քե­րով, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ ընտանիքներ իրենց սեփական ինքնաշարժներով, մասնակցեցան ցոյցին` յարգանքի իրենց տուրքը մատուցանելու Ցեղասպանութեան նահատակներուն: 10,000 հայորդիներու հանրահաւաքը սկսաւ ժամը 12:00-ին խորհրդարանի շէնքին առջեւ, ուր քաղաքական բոլոր կուսակ­ցու­թիւններու ներկայացուցիչները հաստատացին 1915 թուականի Հայոց Ցեղասպանութեան իրողու­թիւ­նը եւ յիշելու կարեւորութիւնը, կանխելու համար ապագայ ցեղասպանութիւնները: 

Հանրահաւաքի նոյն միջոցին, խորհրդարանին մէջ տեղի կ’ունենային քննարկումներ M-587 օրինա­գի­ծի վերաբերեալ, զոր ներկայացուցած էր Միսիսոկայէն խորհրդարանի անդամ Brad Butt-ը, որ կ’առա­ջարկէր Ապրիլ ամիսը հռչակել ցեղասպանութեան կանխարգիլման ամիս, իսկ Ապրիլ 24-ը` Հա­յոց Ցե­ղաս­պանութեան յիշատակի օր: Ապա, հաւաքը վերածուեցաւ ցեղասպանութեան դէմ եւ Թուրքիոյ կա­ռավարութենէն արդարութեան պահանջատիրութեան ցոյցի: Երթը աւարտեցաւ Օթթաուայի թրքական դեսպանատան առջեւ, ուր արդարութեան պահանջատիրութեան յայտագիր մը ներկայացուեցաւ Հայ Երիտասարդական Միութեան եւ «Արմէն Գարօ» Ուսանողական Միութեան կողմէ: Մօտաւորապէս 100 ընդդիմադիր ցուցարարներ միայն կային խորհրդարանի եւ թրքական դեսպանատան առջեւ: 

11.- Շաբաթ, Ապրիլ 25, ժամը 11։00-ին, կատարուեցաւ յատուկ միջոցառում Georgetown-ի Cedarvale հա­մայնքային կեդրոնին մէջ, ուր կը գտնուի Georgetown Boys-ի շէնքը (ագարակատուն)։ Հայոց Ցեղաս­պանութենէն վերապրած աւելի քան 109 որբեր բերուած եւ տեղաւորուած էին այդտեղ, Օնթարիոյի եւ Գանատայի կառավարութիւններուն, եկեղեցիներու եւ Թորոնթոյի կազմակերպութիւններու ջանքերով:

Այս ձեռնարկը կազմակերպուած էր Թորոնթոյի հայկական շաբաթօրեայ վարժարաններուն կողմէ, ի յիշատակ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն, այժմ` սուրբերուն, նաեւ տօնելու կեանքը Georgetown-ի հողատարածքներուն վրայ մեծցած ցեղասպանութեան որբերուն: Այս տարի յատուկ ծառ մը եւ գրու­թիւն մը պիտի զետեղուին այդ հողատարածքին վրայ: Georgetown Boys-ի շէնքը կը նկատուի պատմա­կան ժառանգութեան վայր Halton Hills-ի քաղաքապետութեան եւ Օնթարիոյի կա­ռա­վարութեան հա­մար:

12.- Flash Mob եւ R-Mean-ի համերգ: Թորոնթոյի հայկական երկու պարախումբերը` Համազգայինի «Էրե­բունի» պարախումբը եւ Ս. Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ «Սասուն» պարախումբը միասնաբար ելոյթ ունեցան այս յատուկ միջոցառումին, որ տեղի ունեցաւ Թորոնթոյի քաղաքապետարանին դիմաց գտնուող Nathan Phillips Square հրապարակին վրայ, Ուրբաթ, Մայիս 22, ժամը 5:00-ին, R-Mean-ը ունե­նալով որպէս հիւր երգիչ: Բազմաթիւ կամաւոր երիտասարդներ մասնակցեցան այս ներկայա­ցու­մին, ինչպէս նաեւ Hip-Hop-ի պարային խումբը` գլխաւորութեամբ Տիկ. Մովսէսեանի: Ներկայ էին մի քանի հա­րիւր հանդիսատեսներ: Յաջորդ գիշեր` Շաբաթ, Մայիս 23-ին, R-Mean Թորոնթոյի երիտասարդու­թեան համար ներկայացուց յատուկ համերգ: 

13. Շաբաթ, Մայիս 23, ժամը 10։30-ին, դրօշակի յատուկ արարողութիւն մը տեղի ունեցաւ կազմակեր­պութեամբ Թորոնթոյի Հայ Դատի Յանձնախումբին եւ համագործակցութեամբը Հարիւրամեակի Յանձ­նախումբին: Բազմաթիւ հայերու ներկայութեան, հայկական դրօշը օրհնուեցաւ եւ բարձրացաւ Markham քաղաքի քաղաքապետարանին դիմաց: Արարողութեան ներկայ էին նաեւ կարգ մը քաղա­քա­քապետական խորհուրդի անդամներ, ինչպէս նաեւ նահանգային եւ դաշնակցային մակարդակով պաշ­­տօնատար անձեր: Դրօշակի արարողութենէն ետք, քաղաքապետարանի Rotunda սրահին մէջ կարճ յայտագիր մը գործադրուեցաւ, որուն մասնակցեցան փոխ-քաղաքապետ Jack Heath եւ այլ պաշ­տօնատար անձեր, որոնք շնորհաւորեցին Հայաստանի Հանրապետութեան 28 Մայիս 1918-ին հռչակ­ուած անկախութեան տօնին առթիւ: Յայտագիրը եզրափակուեցաւ փոքր ընդունելութեամբ:

Վերոգրեալը հակիրճ տեղեկագիր մըն է, որ կը ներկայացնէ Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւ­րամեա­կին նուիրուած ձեռնարկներու առաջին հանգրուանի իրագործումները: Մեր համայնքի անդամ­ները ստուար թիւերով եւ ոգեւորութեամբ մասնակցեցան այս ձեռնարկներուն, որ ամենէն կարեւոր ազդակն էր որեւէ ծրագրի եւ միջոցառումի աննախադէպ յաջողութեան Թորոնթոյի հայ համայնքին հա­մար: Մենք արդէն ապաւինած էինք Թորոնթոյի հայ համայնքի անդամներու նուիրատուութիւն­նե­րուն` ծածկելու այս ձեռնարկներու ծախսերը: Մեր նուիրատուութեան խնդրանքին արձագանգը մինչեւ օրս գնահատելի է: Սակայն, այս բոլորի կողքին, հանգանակուած գումարները տակաւին բաւարար չեն մեր նախապէս ծրագրած ձեռնարկները իրագործելու համար: Այս իմաստով, ոչ միայն ձեր բարոյական ա­ջակցութիւնը կը խնդրենք, այլեւ նիւթական օժանդակութիւնը` յաղթահարելու համար մեր նիւթա­կան պարտաւորութիւնները: Յաջորդիւ, մենք մեր համայնքին պիտի ներկայացնենք հաշուապահական ման­րամասնեալ գործունէութիւնը, սակայն մինչ այդ կը խնդրենք ձեր նիւթական օժանդակութիւնը վե­րը յիշուած եւ ապագայ ձեռնարկներու իրականացման համար: Անոնք որոնք տակաւին առիթ չեն ու­նե­ցած իրենց նիւթական ներդրումը կատարելու, թող բարեհաճին հանգանակութեան յատուկ խոս­տումնագիրը լեցնել։ Իսկ անոնք որոնք նախապէս նուիրած են, թող նկատի առնեն երկրորդ անգամ նուի­րելու կարելիութիւնը։

Կցուած կրնաք գտնել Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամ­եակին նուիրուած նախատեսուած ձեռնարկներու ժամանակացոյցը:

Հարիւրամեակի ձեռնարկներու ձեր նուիրատուութիւնները կրնաք կատարել հետեւեալ ձեւերով.

1.- Ամբողջացնելով յատուկ խոստումնագիրը, զոր կրնաք գտնել մեր եկեղեցիներուն եւ կեդրոններուն մէջ

2.- Online նուիրատուութեամբ, այցելելով մեր կայքէջը` www.armeniangenocide.ca

3.- Credit card-ով։

Շնորհակալութիւն կը յայտնենք ձեր մասնակցութեան հարիւրամեակի ձեռնարկներուն եւ միջոցա­ռում­նե­րուն: 

Յարգանքներով`

Գրիգոր Շիթիլեան

Ատենապետ

Հայկական Ցեղասպանութեան Հարիւրամեակի Օնթարիոյի Մարմնի

Յունիս 22, 2015


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.