Մահ՝ «Յառաջ» օրաթերթի վաստակաշատ խմբագիր Արփիկ Միսաքեանի


Շաբաթ, 20 յունիս 2015-ին, Փարիզի մէջ իր մահկանացուն կնքեց լրագրող, հրապարակախօս, Փարիզի «Յառաջ» օրաթերթի (2009-ին հրատարակութիւնը դադրեցուցած)  երկարամեայ խմբագրապետ Արփիկ Միսաքեանը` անուանի Շաւարշ Միսաքեանի դուստրը:

«Յառաջ»-ը լոյս տեսած է 1925-2009 թուականներուն` ունենալով երկու խմբագրապետներ` Շաւարշ Միսաքեան եւ Արփիկ Միսաքեան:

Արփիկ Միսաքեան Ծնած է 1 Փետրուար 1926-ին Փարիզ։ Միայն ֆրանսական վարժարանի ուսումնառութենէ ետք, հօրը թելադրութեամբ սկսած է աշխատակցիլ Յառաջի։

Հօրը անակնկալ մահով (1957 Յունուար) ինքզինք կը գտնէ թերթը գլխաւորելու կացութեան մէջ։ Կ՚ըլլայ անոր թէ՛ տնօրէնուհին, թէ՛ խմբագիրը, ամբողջ 52 տարի, մինչեւ փակումի թուականը՝ 31 Մայիս 2009։ 

1957 Սեպտեմբերէն, իր ջանքերով, Յառաջը ունեցած է իր տպարանը, ուրկէ օրաթերթին առընթեր լոյս տեսած են Յառաջ մատենաշարի շուրջ երեսուն հատորները. Շահնուր, Նարդունի, Զուլալ Գազանճեան, Թէօլէօլեան, Պըլտեան, եւլն.։ 1973 Մայիսին շնորհիւ խումբ մը բարեկամներու, Յառաջ ունեցած է սեփական խմբագրատուն։

1976 Դեկտեմբերին սկսած են լոյս տեսնել Միտք եւ Արուեստի ամսական թիւերը, բոլորովին ստեղծագործական գրութիւններով, որոնք ստորագրուած են Սփիւռքի գրող-մտաւորականներու ընտրանիի մը կողմէ։

Ա. Միսաքեանի վերջին գործը եղաւ հօրը՝ Շաւարշ Միսաքեանի բանտի տարիներու (1916-1918) օրագրութեան,- Տերեւներ դեղնած յուշատետրէ մը-, ֆրանսերէնի թարգմանութիւնը։ Հայերէն եւ Ֆրանսերէն անջատ հատորներով գործը լոյս տեսաւ 2015-ի գարնան, Փարանթէզ հրատարակչատունէն, որպէս արդիւնքը հօր ու աղջկայ վերջին գործակցութեան։

Ա. Միսաքեան մահացաւ Յունիս 19-ին, փարիզեան հանգստեան տան մը մէջ, ուր փոխադրուած էր երկու շաբաթ առաջ։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.