Հայկական Ֆութպոլ. Ռումեան Յովսէփեան Եւ Վարդգէս Սաթումեան Տեղափոխուեցան Փիւնիկ


Վարդգէս Սաթմուեան

Վարդգէս Սաթմուեան

Ռումեան Յովսէփեան

Ռումեան Յովսէփեան

Միքա Երեւանի միջնապահ Վարդգէս Սաթումեան ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը պիտի շարունակէ Փիւնիկի հետ, կը յայտնէ «Պաքեթ Կրուփ Սփորթց Մենըճմընթ»-ը, որ 25 տարեկան ֆութպոլիստին ներկայացուցիչն է:

Ան արդէն իսկ քանի մը օրէ ի վեր փորձեր կը կատարէ երեւանեան խումբին հետ:

Սարգիս Յովսէփեանի գլխաւորած խումբը` Փիւնիկ, ներկայիս կը նախապատրաստուի «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան 2015-2016 տարեշրջանի զտումի մրցաշարքին:

Նշենք, որ վերջերս Միքա յայտարարեց, որ նոր տարեշրջանին կ՛ուզէ հանդէս գալ Ա. դասակարգէն (բարձրագոյն դասակարգին փոխարէն) եւ այդ իսկ պատճառով խումբին հիմնական բոլոր մարզիկները կը հեռանան Միքայէն, իր լուրը կ՛եզրափակէ ArmSport.am:

Երէկ յայտարարուեցաւ արդէն, որ Սաթումեան եւ Ռումեան Յովսէփեան արդէն իսկ ստորագրած են Փիւնիկի տոմարներուն վրայ:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.