Հայոց ցեղասպանութեան նիւթը թրքական մամուլի երկրորդ ամենաշատ քննարկուածն է
1357
0
Թուրքիոյ մամլոյ վերահսկողութեան կեդրոնը ուսումնասիրութիւն մը կատարած է պարզելու համար, թէ ապրիլ ամսուան ընթացքին որոնք եղած են թրքական լրատուամիջոցներու ամենաշատ քննարկուած քաղաքական նիւթերը:
Համաձայն ուսումնասիրութեան արդիւնքներուն` այդ ժամանակահատուածին ամենաշատը քննարկվուած է յունիս 7-ին Թուրքիոյ մէջ կայանալիք խորհրդարանական ընտրութիւններու թեման: Ըստ թրքական «medyaloji.net» կայքի` խորհրդարանական ընտրութիւններէն ետք 2-րդ տեղը իր քննարկումներու առատութեամբ գրաւած է Հայոց ցեղասպանութեան թեման: