Թուրք Քաղաքապետը Կ՛ընդդիմանայ Սիսի Կաթողիկոսարանի Վերադարձին
1382
0
Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կողմէ` Սիսի կաթողիկոսարանի վերադարձը պահանջող դատական հայցին մասին յայտարարութեամբ հանդէս եկած է Ատանայի Քոզան շրջանի (Սիս) քաղաքապետ Մուսա Էօզթիւրք:
Ըստ «Հապերլեր»-ի` ան նշած է, որ խնդրոյ առարկայ վանքը կը պատկանի Քոզանի քաղաքապետարանին եւ աւելցուցած. «Ոչ ոքի տալիք տարածք ունինք»:
Ըստ անոր, Լոզանի համաձայնագիրին մէջ նշուած է, որ «Ոչ իսլամները պէտք է վեց ամսուան ընթացքին գային եւ իրենց ունեցուածքին տէր կանգնէին: Այդ օրէն ի վեր, այն բոլոր կալուածները, որոնք անտէր մնացած են, անցած են գանձարանին, իսկ այնտեղէն ալ` մեզի: Ընկերները թող իրենց անցեալին լաւ նային: Այդպէս գալով, վանք-մանք պահանջելով չ՛ըլլար: Կը ներէք, բայց անոնց տալիք ոչ մէկ տարածք ունինք: Մենք ալ հոս կ՛ապրինք»: