Ընկերվարական Կիներու Միութիւն. «հայ կիները ցեղասպանութեան կողքին ենթարկուեցան նաեւ սեռասպանութեան»
- (0)

«Այն ազգերը, որոնք պատմական ճշմարտութիւններու հետ երես առերեսուիլ չեն ուզեր, իրենց ապագան կը կորսնցնեն։ 1914 թուականէն սկսեալ Վանէն մինչեւ Իզմիր, Սեբաստիայէն մինչեւ Սամսոն, ամբողջ Անատոլուի մէջ հայերու արիւնը հոսեցաւ, անոնց ինչքերը թալանուեցան, կիներն ու մանուկները առեւանգուեցան, կիները բռնաբարուեցան։ Այս բոլորը մեզի միայն հարիւր տարի առաջուանը չէ որ կը յիշեցնեն, անոնք մեզի կը յիշեցնեն նաեւ մեր մօտիկ անցեալը» գրուած է հաղորդագրութեան մէջ։
Ընկերվարական Կիներու Միութիւնը մանրամասնօրէն կը նշէ նաեւ, թէ ինչպէս Հայ կիները առեւանգուեցան, գերիներու նման վաճառուեցան շուկաներու մէջ, եւ թէ ինչպէս մօտաւորապէս 200 հազար հայուհիներ բռնի կերպով իսլամացան։ Հազարաւոր կիներ ալ ընտրեցին անձնասպանութեան ճամբան։
Ընկերվարական Կիներու Միութիւնը հայերէ ներողութիւն խնդրեց եւ Թուրք Պետութիւնը հրաւիրեց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու եւ բոլոր կիներուն թելադրեց շարունակ պայքար տանիլ ցեղասպանութիւն կիրարկողներուն դէմ։
