Հենրիխ Մխիթարեանի Ապագան` Լիվըրփուլի Մէ՞ջ


1205_HenoԱնգլիական «Տէյլի Էքսփրես» օրաթերթը յայտնեց, որ Հայաստանի ազգային հաւաքականի եւ գերմանական Պորուսիա Տորթմունտ ակումբի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեանի` անգլիական Լիվըրփուլ ակումբին միանալու հաւանականութիւնը աւելիով հաստատուեցաւ, որովհետեւ ըստ օրաթերթին տուեալներուն, Տորթմունտի գլխաւոր մարզիչ Եուրկըն Քլոփ իր վստահութիւնը կորսնցուցած է արդէն Մխիթարեանի նկատմամբ:

Յիշեցնենք, որ Լիվըրփուլի գլխաւոր մարզիչ Պրենտըն Ռոճըրզ արդէն իսկ 2013-էն ցանկութիւն ունէր Մխիթարեանը միացնելու իր կազմին, սակայն վերջինս նոյն ամառը որոշեց Ուքրանիոյ ախոյեան Շախտիոր Տոնեցքը լքել եւ միանալ Տորթմունտի:

Աւելցնենք նաեւ, որ Մխիթարեան անցեալ տարի Տորթմունտի հետ կատարեց 45 մրցումներ եւ նշանակեց 13 կոլ, սակայն այս տարի տակաւին որեւէ կոլի հեղինակ չէ դարձած:

Այս պատճառով, աւելի արագ ձեւով կը տարածուին անոր Լիվըրփուլ փոխանցումին մասին խօսքերը` չմոռնալով, որ Լիվըրփուլ իր կարգին կարիքը ունի լաւ խաղացողներու` իր այս տարուան վատ արդիւնքները բարելաւելու նպատակով:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.