Թուրքիա Վարձկաններու Դէպի Սուրիա Ներթափանցման Հիմնական Ուղին Է. Ուաշինկթըն


ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան աւագ խորհրդական Ռապըրթ Պրատթքէ յայտնած է, որ Թուրքիա կը շարունակէ մնալ դէպի Սուրիա վարձկան զինեալներու ներթափանցման հիմնական ուղին: Պրատթքէ նաեւ պնդած է, որ Թուրքիոյ իշխանութիւնները զինեալներէն սուրիական քարիւղ չեն գներ, սակայն կան մաքսանենգութեան դէպքեր:
Պրատթքէ միաժամանակ կրկնած է, որ Ուաշինկթըն եւ Անգարա կ՛ուզեն Սուրիոյ ճգնաժամը լուծել՝ նախագահ Պաշշար Ասատի հեռացումով:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.