Դաշնակցութեան 124-ամեակի հանդիսաւոր տօնակատարութիւն Վանգուվըրի մէջ

 

Շաբաթ, 29 Նոյեմբեր 2014-ին, Խաղաղական ովկիանոսի հեռաւոր ափերուն վրայ գտնուող հայկական գաղթօճախ Վանգուվըրի մէջ, ՀՅԴ-ն հանդիսաւորապէս նշեց իր 124-րդ ամեակը: Վանգուվըրի «Սիմոն Վրացեան» կոմիտէութեան, ՀՅԴ ԳԵՄ-ի «Արշաւիր Շիրակեան» մասնաճիւղի վարչութեան եւ ՀՅԴ ԳՊՄ «Քրիստափոր Միքայէլեան» մասնաճիւղի կազմակերպութեամբ, Վանգուվըրի հայութիւնը հաւաքուած էր Հայ կեդրոնի «Լազարեան» սրահէն ներս, ներկայ գտնուելու Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան օրուան տօնակատարութեան:

Հանդիսութեան պաշտօնական բացումը սկսաւ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան քայլերգներով, որմէ անմիջապէս ետք մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգուեցաւ յիշատակը հայ ազգի ազատութեան եւ անկախութեան համար ինկած բոլոր նահատակներուն: ՀՅԴ ԳԵՄ-ի «Արշաւիր Շիրակեան» մասնաճիւղի վարչութեան անունով բացման խօսքը կատարեց ընկերուհի Բալիկ Քէօշկերեան: Ան իր խօսքին մէջ ըսաւ. «124 տարիներ առաջ հայ ժողովուրդի ծոցէն ծնաւ հայութեան էութիւնը մարմնաւորող, հայ անհատի ազատութեան, արդարութեան եւ բարորութեան ձգտող հայկական կուսակցութիւն մը: Բոլոր յեղափոխական խմբակները միացնելու կոչուած կազմակերպութիւն մը, որ շուտով յաջողեցաւ մէկ դրօշի տակ հաւաքել եւ կազմակերպել ամբողջ հայութեան ներուժը: Գաղափարախօսութիւն մը, որ զարկ տուաւ ապստամբ եւ օտարի լուծը մերժող հայու տիպարի կերտման: Եւ ի վերջոյ յաջողեցաւ ամբողջ երկիրը դուրս բերել իր երկարատեւ ցաւէն ու արհաւիրքէն եւ վերահաստատել դարերէ ի վեր կորսուած հայութեան անկախ պետականութիւնը»:

Ապա բեմ բարձրացան ՀՅԴ ԳՊՄ «Քրիստափոր Միքայէլեան» մասնաճիւղի պատանիներէն բաղկացած քառեակ մը` ընկերներ Գառնի Քէօշկերեան, Արեգ Պէշրիքեան, Լոռի Քիւլլահեան եւ Լարա Թերզեանը: Քառեակը հիանալի կատարողութեամբ ներկաներուն հրամցուցին փունջ մը ազգային եւ յեղափոխական երգեր: Յաջորդաբար ներկայացուեցան «Արծիւ սլացիր», «Գետաշէն», «Մարտիկի երգը» եւ «Կիլիկիա» երգերը: Գեղարուեստական յայտագիրը շարունակուեցաւ ՀՅԴ ԳԵՄ-ի ընկերներուն կողմէ պատրաստուած «Հիմի էլ լռենք» իւրայատուկ կենդանի պատկերով: Տեսերիզի ցուցադրութեան ընկերակցութեամբ, հայերէն եւ անգլերէն լեզուներով բանաստեղծական տողերէ եւ յեղափոխաշունչ լոզունգներէ բաղկացած այս պատկերը, իր ազդեցիկ նախաբանով խորապէս յուզեց ներկաները, ապա իր յաղթական աւարտով բարձրացուց անոնց տրամադրութիւնները:

Օրուան խօսքը փոխանցեց Հալէպէն վերջերս Գանատա տեղափոխուած տոքթ. Ռազմիկ Պէպէճեանը: Բանախօսը յիշեց թէ ՀՅԴ օրուան տօնակատարութիւնը ինքնին կը համարուի հաւաքական կազմակերպական հաշուետուութեան օր, եւ իւրաքանչիւր դաշնակցականի համար ուխտի վերանորոգման օր: Բանախօսը նաեւ ՀՅԴ պատմութիւնը ամփոփեց չորս հիմնական հանգրուաններու մէջ`Ազգային ազատագրական պայքարի շրջանը`1890-էն մինչեւ 1918, Հայաստանի Առաջին հանրապետութեան շրջանը, սկսած Սարդարապատի ճակատամարտէն մինչեւ Հայաստանի խորհրդայնացումը, Սփիւռքի կազմաւորման եւ կազմապերպման շրջանը եւ դաշնակցութիւնը վերահաստատումը Հայաստանի եւ Արցախի մէջ: «1990էն ետք, Հայաստանի վերանկախացած հանրապետութեան մէջ Դաշնակցութիւնը բացայայտեց իր ներկայութիւնը եւ իր բոլոր հնարաւորութիւնները դրաւ իրարայաջորդ ընտրուած կառավարութիւններու տրամադրութեան տակ: Դաշնակցութիւնը Հայաստանի մէջ գործեց Հայաստանի պետականութեան ամրապնդման, երկրի ժողովրդավար կարգեր հաստատման յստակ ուղղուածութեամբ»: Բանախօսը անդրադառնալով ՀՅԴ Պատանեկան, Երիտասարդական եւ Ուսանողական միութիւններուն նշեց, որ “Դաշնակցութիւնը 80-ականներու սկիզբը հիմքը դրաւ, ՀՅԴ երիտասարդական միութիւններու կառոյցին, քաջ գիտակցելով որ նորահաս սերունդներու դաստիարակութիւնն ու կազմակերպումը համազօր է ազգի կազմակերպման: ՀՅԴ-ն վաղուց հաւատացած է որ միայն ազգային արժէքներ ունեցող եւ կազմակերպուած ազգերը արժանի են անխափան գոյատեւման: Ահա թէ ինչու ՀՅԴ Վանգուվըրի երիտասարդական միութիւնը մեծ նուիրումով կը մասնակցի այսօրուան տօնակատարութեան: Ես իսկապէս բարձր կը գնահատեմ իր մասնակցութիւնը, յատկապէս պատանեկան երգչախումբը, «Հիմի էլ լռենք» կենդանի պատկերը: Կ՚ուզեմ նշել թէ ամենայուզիչ բայց հպարտալի պահը այս ձեռնարկին մէջ ինծի համար այն էր, երբ 124 տարիներ առաջ մշակուած ՀՅԴ մանիֆեստէն մասեր, անգլերէնի թարգմանուած, Գանատայի մէջ ծնած եւ մեծացած դաշնակցական երիտասարդներ, Վանգուվըրի մէջ, այնքան ազդու եւ տպաւորիչ ոճով արտասանեցին այսօր, որ հայ ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն սրտերն ու ազգային խիղճը կ՚արթնցնեն: Ես իսկապէս հպարտ եմ Վանգուվըրի ՀՅԴ երիտասարդականով եւ կ՛ողջունեմ իրենց նուիրիալ ծառայութիւնը»:

Բանախօսը անդրադարձաւ նաեւ այն բոլոր խնդիրներուն ու մարտահրաւէրներուն, որոնց առջեւ կանգնած է Հայաստանն ու Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը այսօր ու իր շինիչ խօսքը փակեց հետեւեալ տողերով. “ինչ ալ ըլլան պայմանները Հայաստանն ու հայ ժողովուրդը պէտք ունին դաշնակցութեան գաղափարական ու բարոյական արժէքներուն, յստակատեսութեան եւ Դաշնակցականի անշահախնդիր նուիրումին ու զոհողութեան: Անցնող 124 տարիներուն ընթացքին, ամէն անգամ որ հայ ժողովուրդը իր ճակատագիրը յանձնած է հայ յեղափոխական դաշնակցութեան, ՀՅԴն երբեք յուսախաբ չէ ըրած զինք: Հայոց արդի պատմութեան մէջ, հայ ժողովուրդը ՀՅԴ-ին հաւատացած եւ վստահեցած է իր պատմութեան ամէնաաղէտալի պահերուն: ՀՅԴ-ի պատմութիւնն ու նուաճումները վկան են, եւ ինծի իրաւունքը կու տան այս բեմէն յիշեցնելու, թէ այդ բոլոր պահերուն ՀՅԴ-ն հայութեան համար մահը յաղթահարելու Աստուածային շնորհք եղաւ, ապրելու պայծառ տեսլական հանդիսացաւ, ազատութեան եւ արդարութեան ջահակիրը սեպուեցաւ: Այնքան ատեն որ հայ ժողովուրդը դաշնակցութեան հաւատայ, ՀՅԴ-ն հայութեան հաւատքով այնքան պիտի ապրի, պիտի գործէ եւ իր ամէնաընտիր զաւակները զոհելով պիտի գոյատեւէ ու հայ ազգին պիտի առաջնորդէ դէպի ազատութիւն եւ արդարութիւն: Հաստատ կ՚ըսեմ ձեզի թէ Արդարը հաւատքէն պիտի ապրի, պէտք է հաւատանք դաշնակցութեան յանուն ազգի գոյատեւման եւ զարգացման: ՀՅԴ-ն իր ազգային անկախ եւ ինքնուրոյն ուղուածութեամբ երբեք յուսախաբ պիտի չընէ հայ ժողովուրդը, անոր հպարտանքի աղբիւրը պիտի հանդիսանայ եւ պիտի կառուցէ հայութեան երազային «Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանը»:»

Բանախօսութենէն ետք բեմ հրաւիրուեցաւ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցոյ հոգեւոր հովիւը Հոգեշնորհ Հայր Հրանդ Թահանեանը, որ շնորհաւորեց Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը իր ծննդեան 124-ամեակի կապակցութեամբ եւ յարատեւ յաջողութիւն մաղթեց իր ազգային նուիրական աշխատանքին ու ապա կատարեց սեղանօրհնէքը:

Յայտագրի պաշտօնական բաժնին եւ ընթրիքին յաջորդեց ազգային յեղափոխական երգերու շարանը: Քարաօքէ ոճի տակ կազմակերպուած խրախճանքը, խանդավառեց ներկաները եւ ներկաներու հոգեկան բարձր գոհունակութեամբ վերջ գտաւ ՀՅԴ-ի 124-րդ ամեակի հանդիսութիւնը:

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.