Հանդիպում Յունաստանի պաշտպանութեան նախարար Նիքոս Տենտիասի հետ


Յունաստանի ազգային առաջնորդարանին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում Յունաստանի նորանշանակ պաշտպանութեան նախարար Նիքոս Տենտիասի եւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ ընկ. Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի միջեւ,  ներկայութեամբ  Յունաստանի թեմակալ առաջնորդ Գերշ. Տ. Խորէն արք. Տողրամաճեանի, ՀՅԴ Յունաստանի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ ընկ. Քերոբ էքիզեանի,  Յունահայոց  Ազգային Վարչութեան անդամ պրն. Ստեփան Շեմմասի եւ Յունաստանի մօտ ՀՀ դեսպանորդ պրն. Մինաս Մարտիկեանի։
Ընկ.  Տէր Խաչատուրեան ներկայացուց  Աթէնքի մէջ գումարուող Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու խորհրդաժողովի նպատակն ու գլխաւոր նիւթերը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց յոյն կառավարութեան եւ անձնապէս պրն. Տենտիասի հայ ժողովուրդի հանդէպ իրենց ցուցաբերած բարեկամութեան համար։
Պրն. նախարարը գնահատեց խորհրդաժողովի կազմակերպումը Յունաստանի մէջ եւ յայտնեց, որ հայ ժողովուրդի եւ մանաւանդ յունահայութեան հետ իր խոր բարեկամութիւնը կը բխի իր անձնական համոզումէն եւ փորձառութենէն։
Քննարկուեցան Յունաստան ¬ Հայաստան ռազմական համագործակցութեան հարցերը եւ Հայոց Ցեղասպանութեան նկատմամբ Թուրքիոյ  պետական ժխտողական քաղաքականութիւնը. այս վերջին հարցով ընկ. Տէր Խաչատուրեան  յայտնեց իր երախտագիտութիւնը հանդէպ յոյն պետութեան վերջերս որդեգրած օրինագիծին, որու հիմամբ  քրէական յանցագործութեան ենթակայ  կը դառնայ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը։
Արծարծուեցաւ Արցախի հիմնահարցի ներկայ հանգրուանը, ինչպէս նաեւ Ատրպէյճանի յարձակողապաշտ քաղաքականութեան, այդ երկրի մէջ  գերդաստանական մենատիրութեան, հակահայ  արշաւի եւ առհասարակ մարդկային իրաւանց լուրջ խախտումներու պարագաները։
Նշուեցաւ, որ հայ ժողովուրդը ամենուրեք յատուկ նախաձեռնութիւններով հանդէս պիտի գայ Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին առիթով եւ  կþակնկալէ որ յոյն պետութիւնն ալ բարձրաստիճան մակարդակով մասնակցի այդ նախաձեռնութիւններուն։ Յիշուեցաւ նաեւ որ Յունաստանի նախագահն ու  վարչապետը հրաւէր ստացած են այդ առիթով այցելելու Հայաստան։
Խորհրդակցութիւնը փակուեցաւ յունահայ ազգային վարժարաններու պետական օժանդակութեան հարցի արծարծումով, խնդրելով պրն. նախարարէն որ միջամտէ vorbeszi այդ տարեկան յատկացումներուն տrvi օրէնքի մնայուն ուժ։ 


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.