Օտար Զինեալներու Սուրիա Մուտքը Արտոնող Անգարայի Քայլը «Գերիշխանութեան Բռնաբարում» Կ՛որակուի Դամասկոսի Կողմէ


ԴԱՄԱՍԿՈՍ, «Էյ.Փի.».- Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը, ինչպէս նաեւ նախագահ Պաշշար Ասատի քաղաքական խորհրդական Պուսէյնա Շաապան Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 30ին յայտարարեցին, որ օտար զինեալներուն Սուրիոյ հողամասեր մուտք գործել արտօնող Թուրքիոյ իշխանութիւններուն որոշումը Սուրիոյ գերիշխանութեան բռնաբարում մըն է: Շաապան շեշտեց, թէ Անգարայի իսկական նպատակը Սուրիոյ մէջ իր ազդեցութիւնը զօրացնելն է՝ աւելցնելով, թէ Սուրիոյ օրինական իշխանութիւններուն դէմ բռնարարքներ հրահրելու ու Օսմանեան կայսրութիւնը վերականգնելու միտող Անգարայի քայլերը ամբողջ շրջանին համար վտանգաւոր հետեւանքներ պիտի ունենան։
Կը հաղորդուի, որ հիւսիսային Իրաքի քրտական ինքնավար շրջանէն քիւրտ զինելաներուն՝ փեշմերկաներուն, մէկ մասը ներկայիս Քոպանի կը գտնուի, իսկ Անգարա արտօնութիւն տուած է նաեւ «Սուրիական ազատ բանակ»էն 200 զինեալներու, որ Քոպանի մուտք գործեն։ Անոնցմէ արդէն 50ը Քոպանի հասած է։
Հիւսիսային Իրաքի քրտական ինքնավար մարզի նախագահ Մասուտ Պարզանի Հոկտեմբեր 30ին յայտարարեց, որ Իրաքի քրտական մարզը փեշմերկաներու յաւելեալ ուժեր պիտի ուղարկէ Քոպանի:
Միւս կողմէ, Քոպանիի մէջ Ժողովուրդի պաշտպանութեան ուժերու մարտական հրամանատար մը սուրիական «Ուաթան» օրաթերթին յայտնեց, որ քաղաքը պաշտպանող զինեալները կը սպասեն յաւելեալ ամերիկեան զէնքերու, որոնք միակ միջոցն են «Իսլամական պետութիւն» կոչուող կազմակերպութեան յարձակումներուն տոկալու եւ քաղաքի գրաւումը կանխարգիլելու:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.