Ազատ Ոճի Ըմբշամարտի Միջազգային Մրցաշարք. Հայաստան Տիրացաւ 1 Ոսկի Եւ 1 Արծաթ Մետալի


4749361414316328Երէկ Վլատիքաւքազի մէջ (Ռուսիա) աւարտեցաւ ողիմպիականի կրկնակի ախոյեան Սոսլան Անթիեւի յիշատակին նուիրուած ազատ ոճի ըմբշամարտի աւանդական մրցաշարքը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Ռուսիայէն բացի Միացեալ Նահանգներէն, Հայաստանէն, Ուզպեքիստանէն, Ղազախստանէն, Սլովաքիայէն, Պիելոռուսիայէն եւ Ազրպէյճանէն շուրջ 250 մարզիկներ:

Այս մրցաշարքին Հայաստան տիրացաւ 1 ոսկի եւ 1 արծաթ մետալի:

Այդ երկու մետալներուն տիրացողները հանդիսացան` Գարիկ Բարսեղեան (ոսկի) եւ Արտակ Յովհաննիսեան (արծաթ), երկուքն ալ` 57 քկ դասակարգին մէջ:

Նշենք, որ ազատ ոճի ըմբշամարտի Հայաստանի ազգային հաւաքականին գլխաւոր մարզիչն է` Արայիկ Պաղտատեան:

 


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.