Ազատ Ոճի Ըմբիշներէն Կազմուած Հայկական Պատուիրակութիւնը Մեկնեցաւ Տաղստան


1017_daghsdanArmSport.am հայկական լրատուական կայքը հաղորդեց, որ Հայաստանի ազատ ոճի ըմբշամարտի հաւաքականը մեկնեցաւ Տաղստան` իր մասնակցութիւնը բերելու համար միջազգային մրցաշարքի մը:

Հաւաքականին գլխաւոր մարզիչն է Արայիկ Պաղտատեան: Պատուիրակութեան մաս կը կազմեն եօթը մարզիկներ, երկու մարզիչ եւ իրաւարար մը:

Իր խօսքին մէջ Պաղտատեան ըսաւ, որ իր գլխաւորութեամբ այլ խումբ մը 22 հոկտեմբերին պիտի մեկնի Վլատիքաւքազ:

Ան աւելցուց, որ 8 նոյեմբերին Մոսկուայի մէջ տեղի ունենալիք Եւրոպայի բաժակի մրցաշարքին հայ ըմբիշներուն մասնակցութիւնը ցարդ հարցականի տակ է:

Այս շաբաթավերջին ատիկա կը յստականայ, եզրափակեց ան:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.