3×3 Պասքեթպոլ. Հայաստանի Հաւաքականը` Աշխարհի 65-րդը


1015_3#3Իր լուրը քաղելով Հայաստանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքէն` ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը հաղորդեց, որ ՖԻՊԱ-ին կողմէ հրապարակուած 3×3 պասքեթպոլի ազգային հաւաքականներուն մէջ Հայաստան աշխարհի մէջ կը գրաւէ 65-րդ դիրքը:

Հայաստան, որ իր մասնակցութիւնը բերաւ նախորդ յուլիսին Հունգարիոյ մէջ տեղի ունեցած Եւրոպայի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին, իր ունեցած ելոյթներուն շնորհիւ է, որ գրաւեց այս դիրքը:

 


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.