Հայաստան Կը Մասնակցի Հրաձգութեան Աշխարհի 51-րդ Ախոյեանութեան


0909_RifleՍպանիոյ Կրանատա քաղաքին մէջ սկսաւ հրաձգութեան աշխարհի 51-րդ ախոյեանութիւնը:

8 սեպտեմբերը մրցումներուն առաջին օրն էր, եւ Հայաստանի հաւաքականի ներկայացուցիչ Քրիսթիան Լաուերը 10մ, 60 կրակոց, տղամարդոց մրցախաղին կրցաւ 614,5 կէտ հաւաքել եւ 116 մրցակիցներու մէջ գրաւեց 84-րդ դիրքը:

Յիշեցնենք, որ աշխարհի ախոյեանութեան Հայաստանը ներկայացնող մարզիկներն են`

Զաւէն Իգիթեան եւ Սեւակ Արշակեան –  ատրճանակ
Հրաչիկ Բաբայեան եւ Քրիսթիան Լաուեր –  հրացան
Լիլիթ Մկրտչեան, Ռազմիկ Մինասեան, Յովհաննէս Խաչատրեան եւ Շանթ Սարգսեան – վազող թիրախ:

 


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.