Աղթամարի Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ Արարողութեան Պիտի Մասնակցի Նաեւ Պարթոլոմէոս Պատրիարքը


 

ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թէեւ Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանին կողմէ տակաւին ժողովուրդին ուղղեալ որեւէ տեղեկութիւն կամ ուխտագնացութեան հրաւէր չէ հրատարկուած, լրատու գործակալութիւններ մանրամասնութիւններ կու տան այն պատարագին մասին, որ այս Կիրակի, Սեպտեմբեր 7ին պիտի մատուցուի Աղթամար կղզիի Ս. Խաչ եկեղեցիին մէջ։
Այս տարի եւս, յաջորդական 5րդ անգամն ըլլալով, պիտի յարգուի տարին մէկ անգամ արարողութիւն կատարելու աւանդութիւնը ու կրօնական արարողութիւն պիտի կատարուի մեծահանդէս կերպով։ Այս տարուան արարողութեան գլխաւոր հիւրը պիտի ըլլայ Յոյն ուղղափառ եկեղեցւոյ Պարթոլոմէոս պատրիարքը։
Վանի մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան տնօրէն Մուզաֆեր Աքթուղի կողմէ կատարուած լուսաբանութեան համաձայն՝ Թուրքիոյ Հայոց պատրիարքարանը արդէն ղրկած է ցանկը այն անուններուն, որոնք պիտի մասնակցին Աղթամարի արարողութեան։ Ցանկին վրայ կան անունները պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Արամ սրբազանին, Պարթոլոմէոս պատրիարքին, Ասորի ուղղափառ եկեղեցւոյ հոգեւոր առաջնորդ Եուսուֆ Չեթինին, Ամերիկայի Հայց. առաքելական Արեւելեան թեմի առաջնորդ Խաժակ արք. Պարսամեանին եւ այլ հոգեւորականներու։ Արարողութենէն ետք, Թուրքիոյ ու Հայաստանի աշուղ կիներու երգչախումբերը միասնական ելոյթ մը պիտի ունենան։
«Տրուած ըլլալով, որ արարողութիւնն ու համերգը անոնց կը պատկանին, մենք պարզապէս պիտի ստանձնենք զանոնք լաւագոյնս հիւրասիրելու ու Վանը անոնց լաւագոյնս ներկայացնելու պարտականութիւնը», ըսած է Աքթուղ։
Միւս կողմէ, «Արմէնփրէս» կը հաղորդէ, որ Կեւաշի քաղաքապետ Սինան Հաքան փափաք յայտնած է, որ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ թոյլատրուի տարին մէկ անգամ պսակադրութիւն իրականացնել, որովհետեւ այդ պարագային, ամէն տարի մեծ թիւով քրիստոնեաներ, մասնաւորապէս՝ հայեր, կրնան իրենց ամուսնութիւնը կնքել Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մէջ:
Ամէնամեայ պատարագը այս տարի մէկ շաբաթ աւելի կանուխ տեղի պիտի ունենայ:

 


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.