Տերսիմի Շորտա գիւղի բնակիչները հայ են


Տերսիմ, Մնձուր գետի հովիտ

«Ակօս»ի հայերէն յաւելուածի խմբագիրներէն Բագրատ Էսդուգեան, Օգոստոսի սկիզբը Տերսիմի Մնձուրի փառատօնի օրերուն այցելած է նաեւ Տերսիմի Շորտա գիւղը, ուր ան յայտնաբերած է, թէ գիւղի բնակչութիւնը ամբողջութեամբ հայերէ կը բաղկանայ: Ահա թէ ինչ կը գրէ Էսդուքեան.

Սակայն այդ բոլորին մէջ արտակարգօրէն ցայտուն եւ եզակի դարձաւ Մազկերտի հայկական Շորտա գիւղի խրախճանքը, ուր երբ ծանօթացանք գիւղի բնակիչներուն հետ, պարզուեցաւ, թէ ամբողջ գիւղը հայերէ կը բաղկանայ, որոնց մէկ մասը հպարտութեամբ կը յայտնէ այդ պատկանելիութիւնը, իսկ մէկ մասն ալ կը գոհանայ »Հայրս հայ է« կամ «Պապս հայ է» ըսելով։

Գիւղի հրապարակին վրայ երբ ողջ ժողովուրդը շուրջպար էր բռնած, գիւղի կանայք ալ խորոված միսով ու սիսեռով պատրաստուած Տէրսիմի խոհանոցին յատուկ ճաշեր կը սպասարկէին ներկաներուն։ Ահա այդ թոհուբոհի մէջ յանկարծ պարզուեցաւ հսկայ աֆիշ մը՝ որուն վրայ պատկերուած էին նախորդ տարուայ Մայիսին, »Կէզի« զբօսայգիի ցոյցերու ժամանակ երկրի տարբեր քաղաքները զոհուած երիտասարդներուն դիմանկարները, որոնք եւս ծափողջոյներով դիմաւորուեցան բոլորին կողմէ։

Ինչպէս ամէն ուրախութիւն, ժամերը յառաջացան ու Շորտա գիւղի խրախճանքն ալ հասաւ իր աւարտին։ Ետ դարձի պահը հասած էր, երբ նկատեցի մեր բարեկամուհիներէն մին, որ նստած կը շաղակրատէր գիւղի կանանց հետ։ Զգուշացուցի որ կþերթանք։ «Դուք գացէք, ես հոս եմ, հարսիս մօտ կը մնամ» պատասխանեց, բայց զարմանքս նկատելով կողքիս երիտասարդ կինը ցոյց տալով բացատրեց, թէ ան կողակիցն է իր սիրելի մէկ բարեկամին, որ Պելժիա կը բնակի ու քաղաքական մտավախութիւններով կը խուսափի Թուրքիա գալէ։

Քանի որ հարսեր ալ ունինք այս գիւղէն, ուրեմն կասկած չունիմ որ Շորտա կը շարունակէ պահել իր հայկական դիմագիծը։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.