Թրքական Ջրամբարը Ջրամոյն Պիտի Ընէ Հայկական Գիւղեր


ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ներկայիս Թուրքիոյ տարածքին գտնուող շարք մը պատմական հայկական բնակավայրեր ու գիւղեր, թրքական կառավարութեան կողմէ Ըլըսու ջրամբարի կառուցման աւարտէն ետք՝ պիտի մնան ջուրի տակ. այս մասին հաղորդած է թրքական «Պաթմանչաղտաս» կայքը: Սասնոյ գաւառին մէջ գտնուող հայկական հին գիւղերու եւ պատմական բլուրներու կողքին, պիտի անհետանան նաեւ քաղդէացիներու, եզիտիներու եւ ասորիներու պատկանող բնակավայրեր:
Ոչնչանալու վտանգի տակ են հայկական Գարզան, Հոբի Խըրբէ եւ այլ գիւղեր, որոնք արդէն իսկ հայազրկուած են եւ անուանափոխուած:
Այդ վայրերուն մէջ ներկայիս կը բնակին գնչուներու ապրելակերպ ունեցող ժողովուրդներ:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.