Ճատրակ. Միջազգային 41-րդ Ողիմպիական. Հայաստանի Տղաքն Ու Աղջիկները` Յաղթական


0807_with-magnusԹրոմսոյի մէջ (Նորվեկիա) տեղի ունեցող ճատրակի միջազգային 41-րդ ողիմպիականի 5-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, Հայաստանի տղաքն ու աղջիկները յաղթանակներ արձանագրեցին յաջորդաբար Նորվեկիոյ (2,5-1,5) եւ Լիթուանիոյ (3-1) դէմ:

Աշխարհի երկու զօրաւորագոյն կրանտմասթըրներուն` Լեւոն Արոնեանի (2805) եւ Մակնիւս Քարլսընի (2877) միջեւ ճակատումը աւարտեցաւ հաւասարութեամբ: Հաւասարութիւն արձանագրեցին նաեւ Սերկէյ Մովսիսեան (2672) եւ Վլատիմիր Յակոբեան (2655):

Մինչ արդիւնքը կ՛ընթանար 1,5-1,5 հաւասարութեամբ, Գաբրիէլ Սարգսեան (2686) պարտութեան մատնելով իր մրցակիցը, վստահ յաղթանակը ապահովեց Հայաստանի` 2,5-1,5 արդիւնքով:

177 խումբերուն մէջ այժմ Հայաստան կը գրաւէ 17-րդ դիրքը:

Յաղթանակ արձանագրեցին նաեւ Հայաստանի աղջիկները` 3-1 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Լիթուանիան:

Լիլիթ Մկրտչեան (2453) եւ Լիլիթ Կալոյեան (2275) յաղթանակ արձանագրեցին, իսկ Մարիա Քուրսովա (2313) եւ Էլինա Դանիէլեան (2490)` հաւասարութիւն:

136 խումբերուն մէջ այժմ Հայաստան կը գրաւէ 16-րդ դիրքը:

 


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.