Քեսապի կաթողիկէ եկեղեցւոյ աղօթագիրքերը կողոպտուած եւ վաճառքի դրուած են
905
0
Kessab.net կայքէջը կը յայտնէ, թէ Քեսապի Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ պատկանող կողոպտուած հնատիպ աղօթագիրքեր, Ճաշոցի, Ս. Աւետարանի եւ Մաշտոցի ութը օրինակներ վերջերս ծախու դրուած են Լաթաքիոյ մէջ։ Հայր Նարեկ Լուիզեանը յաջողած է գնել հոգեւոր մատեանները,՝ զանոնք ծախու դրած «վաճառականէն»։ Նկարը՝ աղօթագիրքերը։