ՀՅԴ Երեւանի Քաղաքային Կոմիտէն Կը Պահանջէ Բեկանել Միկոյեանի Արձանը Տեղադրելու Որոշումը


 

ՀՅԴ Երեւանի Քաղաքային կոմիտէն մայրաքաղաքի աւագանիէն պահանջեց բեկանել Անաստաս Միկոյեանի արձանը տեղադրելու որոշումը եւ հետագային ձեռնպահ մնալ առանց հանրութիւնը մասնակից դարձնելու մայրաքաղաքի համար կարեւոր որոշումներ առնելու գործելակերպէն:

«30 ապրիլին Երեւանի քաղաքապետարանը, առանց հանրային քննարկման, որոշում տուաւ մայրաքաղաքին մէջ տեղադրել խորհրդային պետական-կուսակցական գործիչ Անաստաս Միկոյեանի արձանը: Որոշումը տրուեցաւ ոչ միայն առանց հասարակութիւնը տեղեկացնելու, այլեւ առանց վերոնշեալ գործիչի գործունէութեան, Հայաստանի ու հայ ժողովուրդի հանդէպ անոր «ծառայութիւններու» արժեւորման շուրջ մասնագիտական քննարկումներ կատարելու: Մինչդեռ Հայաստանի առաջին հանրապետութեան կործանման, հետագային ստալինեան մարդատեաց վարչակարգի կողմէ բազմահազար մարդոց ոչնչացման մէջ գործուն դերակատարութիւն ունեցած այս անձի արձանին տեղադրումը սրբապղծութիւն է այդ անմեղ զոհերուն յիշատակին եւ անոնց ժառանգներու զգացումներուն առջեւ»,  ըսուած է Դաշնակցութեան Քաղաքային կոմիտէի նախանցեալ օրուան յայտարարութեան մէջ:

ՀՅԴ Երեւանի Քաղաքային կոմիտէն ընդգծեց, որ արձանները ոչ միայն գեղագիտական ճաշակի դաստիարակութեան համար ստեղծուած արուեստի գործեր են, այլեւ ազգային ու բարոյական արժէքներու քարոզչութեան միջոցներ:

«Ամէնէն մակերեսային ուսումնասիրութիւնը նոյնիսկ ակնյայտ կը դարձնէ, որ արձանի տեղադրումը պիտի վնասէ մեր պետութեան միջազգային վարկին, զայն տեղադրելով այն երկիրներու շարքին, ուր կը ծանուցուին ու կը քարոզուին բռնապետական վարչակարգերը եւ անոնց գործիչները», ըսուած է յայտարարութեան մէջ:

 


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.