Տաւութօղլու Եւ Քերի Քննարկած Են Հայկական Ցեղասպանութեան Հարցը

\n

\n

 

\n

ԵՐԵՒԱՆ, «Ի Լուր».- Թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, թէ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլուի եւ Միացեալ Նահանգներու անոր պաշտօնակից Ճան Քերիի միջեւ տեղի ունեցած է հեռախօսազրոյց մը, որուն ընթացքին քննարկուած է Հայկական Ցեղասպանութեան հարցը:
Տաւութօղլու նշած է, որ հայամէտ ծերակուտականներու կողմէ Ծերակոյտին ներկայացուած եւ Ցեղասպանութեան ճանաչումը պահանջող բանաձեւը Թուրքիոյ կառավարութեան մօտ մտահոգութիւն յառաջացուցած է:
Նախարարները կարծիքներ փոխանակած են նաեւ Սուրիոյ եւ Եգիպտոսի վերջին իրադարձութիւններուն առնչութեամբ:
Ապրիլ 3ին, Ծերակոյտի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի ատենապետ Ռապըրթ Մենենտեզ եւ ծերակուտական Մարք Քըրք Ծերակոյտին ներկայացուցած էին Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման նոր բանաձեւ մը՝ կոչ ուղղելով Միացեալ Նահանգներու նախագահին, որ շարունակէ հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղութեամբ աշխատանքները՝ հիմնուելով Թուրքիոյ կողմէ Ցեղասպանութեան յստակ ճանաչման վրայ:
Աւելի կանուխ, քոնկրեսականներ Տէյվիտ Վալատաօ, Էտըմ Շիֆ, Ֆրենք Փալոն եւ Մայքըլ Կրիմ Ներկայացուցիչներու տան ներկայացուցած էին Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւ մը, որ արդէն իսկ ունի աւելի քան 50 հովանաւոր:
Նշենք, որ Շիֆ Ապրիլ 9ին, Ներկայացուցիչներու տան բեմէն «բաց նամակ» մը կարդաց՝ ուղղուած Թուրքիոյ ժողովուրդին, շետելով Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ անոր համար ներողութիւն խնդրելու կարեւորութիւնը:

\n

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.