ԹՈՒՐՔԻԱ ՓՈԽԱԴՐՈՒԱԾ ՔԵՍԱՊԱՀԱՅԵՐՈՒ ՎԻՃԱԿԻՆ ՄԱՍԻՆ ՌԱՏԻՔԱԼԻ ՔՆՆԱԴԱՏԱԿԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾԸ

\n

\n

Ապրիլ 7-ին, Ֆէհիմ Թաշթէքին ստորագրութեամբ յօդուած մը հրատարակուած է թրքական «Ռատիքալ» 
թերթին մէջ։ Այս յօդուածին մէջ հեղինակը կը գրէ որ Թուրքիոյ իշխանութիւնները հիմա շուարած վիճակ ունին, որովհետեւ անոնք Քեսապահայերը նախ յանձնեցին իրենց կողմէ պաշտպանուած ապստամբ ուժերուն, ապա տեսան որ ամբողջ աշխարհի մէջ իրենց դէմ արշաւ բացուեցաւ, Քիմ Քարտաշեան կոչ ըրաւ »Քեսապը փրկենք« լոզունգով, եւայլն։ Ապստամբ ուժերը Քեսապի մէջ մնացած ծերունի հայերուն ըսին որ զանոնք Լաթաքիա պիտի տանին որպէսզի փրկուին, մինչդեռ զանոնք Թուրքիա բերին փոխանակ Լաթաքիա տանելու։ Բոլորն ալ օրուան հագուստով էին։ Անոնք Թուրքիա գալէ ետք յայտնեցին որ Պէյրութ երթալ կ՚ուզեն։

Յօդուածագիրը ծանր տողերով կը քննադատէ Թուրք իշխանութիւնները եւ մասնաւորաբար կը շեշտէ իր այն պնդումը թէ այս խնդրին մէջ Թուրք իշխանութիւնները նեղ կացութեան մատնուեցան ու հիմա անոնք պէտք ունէին Քեսապցի հայերու դէմ իրենց մարդասիրութիւնը ցոյց տուող պատմութեան մը։ Իսկ Սուրիոյ ապստամբ բանակն ալ պէտք ունէր հայերէ պարպուած Քեսապի մը։ Այս կարգադրութեամբ Թուրքիա ամբողջ աշխարհի փորձ կատարեց ցոյց տալ թէ որքան մարդասիրաբար կը շարժի Քեսապցի հայերուն նկատմամբ։

Քեսապահայերը Վագըֆլի գիւղին մէջ

 
Ապրիլ 7-ին, «Մարմարա» կապ հաստատեց Վագըֆլը գիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի Ատենապետ Ճէմ Չափարի հետ, որ ստոյգ տեղեկութիւններ տուաւ Վագըֆլը գիւղ տեղափոխադրուած Քեսապահայերու մասին, նաեւ մեզի ուղարկեց լուսանկարներ։ Ատենապետը նշեց որ քեսապահայերը 21 հոգի էին եւ երկու մինիպիւսներով Եայլատաղըէն բերուեցան Վագըֆլը գիւղ, ուր իրենք անմիջապէս շատ ջերմ վերաբերում ցոյց տուին բոլորին հանդէպ։ Ծերունիները սարսափահար, անխնամ վիճակ ունէին եւ ծանր յիշողութիւններով հեռացած էին Քեսապէն։ Կը պատմէին որ իրենք առանց որեւէ դիմադրութեան բանալիները 
տուած էին զինեալ ահաբեկիչներուն, որոնք թալանած էին տուները, ամէն ինչ կոտրած թափած ու յետոյ հրկիզած էին զանոնք։ Վագըֆլը գիւղի հայ բնակիչները ամէնքը ձեռք ձեռքի տուած անմիջապէս ձեռնարկեցին գործնական քայլերու։Բոլոր ծերերն ալ խնամուեցան ու տեղաւորուեցան հիւրատուներու մէջ եւ անոնց բաժնուեցան հագուստեղէն ու անհրաժեշտ իրեղէններ։ Քեսապահայերը յայտնեցին որ տակաւին 20 տարիքոտ անձեր մնացած են Քեսապի մէջ:   

\n

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.