Արցախի Ֆութպոլի Հաւաքականը Կը Մասնակցի Միջազգային Ճանաչում Չունեցող Հանրապետութիւններու Աշխարհի Ախոյեանութեան


Իր հրապարակած մէկ լուրին մէջ, ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը կ՛անդրադառնայ Արցախի ֆութպոլի հաւաքականին մասնակցութեան` միջազգային ճանաչում չունեցող հանրապետութիւններու աշխարհի ախոյեանութեան: Արցախի ֆութպոլի հաւաքականը 2012-ին իր պատմութեան առաջին մրցումը կատարեց` իր դաշտէն դուրս կատարուած բարեկամական մրցումի մը ընթացքին ճակատելով Աբխազիոյ դէմ (1-1): Մէկ ամիս ետք, Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցած երկրորդ հանդիպումին, արցախցիները յաղթեցին նոյնինքն Աբխազիոյ` 3-0


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.