Հրատարակուած Է Ցեղասպանութեան Մասին Գերմանական Գաղտնի Փաստաթուղթերու Գիրքին Անգլերէնը


 

 

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Թորոնթոյի «Զօրեան» հիմնարկը հրատարակած է «Հայոց Ցեղասպանութիւնը 1915-1916. Ապացոյց Գերմանիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Արխիւէն» գիրքի անգլերէն տարբերակը: Գիրքը կը բովանդակէ հարիւրաւոր նամակներ, հեռագիրներ ու զեկոյցներ, որոնք Համաշխարհային Ա. պատերազմի տարիներուն Օսմանեան կայսրութեան մէջ գերմանացի պաշտօնեաները ուղարկած են իրենց երկրի արտաքին գործոց նախարարութեան: Այս փաստաթուղթերը անհերքելի փաստեր կը ներկայացնեն Ցեղասպանութիւն կատարած երիտասարդ թուրքերու մտադրութեան եւ այս մասին գերմանական պաշտօնեաներուն տեղեակ ու յանցակից ըլլալուն վերաբերեալ: Համաշխարհային Ա. պատերազմին, Օսմանեան կայսրութեան մէջ գտնուող գերմանացի պաշտօնեաները դարձան Ցեղասպանութեան կարեւորագոյն, ազգութեամբ ոչ հայ ականատեսները: Փաստաթուղթերը, որոնք տեղ գտած են գիրքին մէջ, եղած են ներքին օգտագործման համար եւ չեն հրապարակուած:

Գերմանացի լրագրող, պատմաբան եւ թարգմանիչ Վոլֆկանկ Կուսթ, որ կազմած եւ խմբագրած է գիրքը, խօսելով գիրքին պատրաստութեան մասին՝ պատմած է, թէ ինչպէս ապշած է տեղեկանալով, որ Գերմանիան լուռ մնացած է Եւրոպայի ծայրը կատարուած զանգուածային սպանութիւններուն ընթացքին: «Այս ցեղասպանութիւնը գերմանացիները ոչ ծրագրած են, ոչ ալ գործադրած, սակայն անիկա մեծապէս ընդունուած է անոնց կողմէ: Կայսերական Գերմանիան երիտթուրքերուն ամենամօտ դաշնակիցն էր եւ անոնց հետ ունէր ռազմական պաշտօնական դաշինք: Հարցերուն հարցը հետեւեալն է. արդեօք կայսերական Գերմանիան գործող ո՞ւժ էր հայերու Ցեղասպանութեան ժամանակ կամ, թերեւս, այդ միտքին հեղինա՞կն էր, ինչպէս կը պնդեն գերմանացի բազմաթիւ պատմաբաններ», նշած է Կուսթ:

Գիրքը արդէն լոյս տեսած էր գերմաներէնով ու թրքերէնով՝ գրաւելով մամուլի ուշադրութիւնը։ Թրքական «Հիւրրիէյթ» թերթը գիրքին մասին գրած էր հետեւեալը. «Եթէ դուն կարդաս գիրքը եւ նայիս փաստաթուղթերուն, եթէ դուն մէկն ես, որ այս հարցին կը ծանօթանաս այս գիրքին միջոցով, ապա անկարելի է, որ չհաւատաս Ցեղասպանութեան եւ չարդարացնես հայերը»։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.