«Հայաստան» դաշինքը փաստահաւաք գործունէութիւն սկսաւ ընտրական ճնշումներու վերաբերեալ
- (0)

«Հայաստան» դաշինքը յայտարարած է, թէ սկսած է փաստահաւաք գործունէութիւն՝ յունիս 7-ի խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընդառաջ արձանագրուող ընտրական հարկադրանքի դէպքերու վերաբերեալ։ Դաշինքին համաձայն, տեղեկութիւններ ստացուած են, թէ պետական եւ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու աշխատակիցներ կը հարկադրուին իշխող կուսակցութեան օգտին քուէարկելու՝ աշխատանքէ ազատման սպառնալիքով։
Յայտարարութեան մէջ նշուած է, թէ նման գործընթացներու կազմակերպման եւ վերահսկողութեան տպաւորութիւն ստեղծելու նպատակով կը կազմուին աշխատակիցներու ցուցակներ։ «Հայաստան» դաշինքը կոչ ուղղած է քաղաքացիներուն՝ հնարաւորութեան պարագային հաւաքելու ապացոյցներ, ներառեալ տեսաձայնագրութիւններ եւ սպառնալիքներ հնչեցնող անձերու ինքնութիւնը բացայայտող տեղեկութիւններ։
Դաշինքը նաեւ յիշեցուցած է, թէ պաշտօնական դիրքի ազդեցութեամբ ընտրողներու վրայ ճնշում գործադրելը քրէական յանցագործութիւն է, որուն համար օրէնքով նախատեսուած է չորսէն ութ տարի ազատազրկում։ Միաժամանակ ընտրողներուն կոչ ուղղուած է չվախնալ ճնշումներէն՝ շեշտելով, որ քուէարկութիւնը գաղտնի է եւ ոչ ոք կրնայ վերահսկել քաղաքացիներու ընտրութիւնը։