Ճատրակ. Սամուէլ Սեւեանի Յաջողութիւնը` Պուտափեշթի Մէջ


13 տարեկան ամերիկահայ ՖԻՏԷ-ի մասթըր Սամուէլ Սեւեան յաջողեցաւ Պուտափեշթի մէջ (Հունգարիա) տեղի ունեցած «Ֆըրսթ Սաթըրտէյ» մրցաշարքին բաւական տպաւորիչ արդիւնք արձանագրելով եւ առաւելագոյն 9 կէտէն 5,5 կէտ ապահովելով գրաւել 2-րդ դիրքը: Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքէջը լուրին անդրադառնալով կ՛աւելցնէ, որ միջազգային մասթըր Սերկէյ Մաթսենքօ (Ռուսիա) տիրացաւ տիտղոսին` ապահովելով 6,5 կէտ:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.