Հրաչ Մուրատեան Դարձաւ 50 Տարեկան. Ան Ծնած էր Անմահանալու Համար


 

 

 

 

“Հրաչ Մուրատեան-արդարութեան պահանջ” հասարակական շարժման նախաձեռնութեամբ, Օգոստոս 23-ին, Պռոշեան գիւղի մէջ նշուեցաւ Արցախեան ազատամարտի հերոս, երկար տարիներու գիւղապետ, Հրաչ Մուրատեանի ծննդեան 50-ամեակը:
Արարողութեան ներկայ էին Հրաչ Մուրատեանի համագիւղացիները, մարտական ընկերները, հարազատները, ՀՅԴ Գերագոյն մարմնի անդամներ եւ այլք:

Բազմութիւնը նախ հաւաքուեցաւ գիւղապետարանի մօտ եւ ծաղիկներ զետեղեց այնտեղ՝ ուր դաւադիր գնդակի զոհ գնաց ազգային հերոսը։





Ապա թափօրը ուղղուեցաւ Պռոշեանցի ազատամարտիկներու պանթէոն, ուր թաղուած է նաեւ Հրաչ Մուրատեան:

Նախկին գիւղապետի տեղակալ Վովա Սահակեան ցաւով յայտնեց սպանութեան չբացայայտուելու փաստին մասին: Գնահատելէ ետք Հրաչ Մուրատեան մարդու, հերոսի եւ գիւղապետի արժանիքները՝ Սահակեան յուզումով ըսաւ,- “Հրաչը կարօտեց Կարօտին ու իր որդու անունը Կարօտ դրեց, իսկ մենք, որ կարօտում ենք Հրաչին ո՞ւմ դիմենք: Ինչ էլ որ ասեմ խօսքս կիսատ կը մնայ, ով ինչ էլ ասի խօսքը կիսատ կը մնայ՝ մինչեւ սպանութեան գործը չբացայայտուի”։


ՀՅԴ ԳՄ-ի խօսքը փոխանցեց Աղուան Վարդանեան: Ան կարեւոր համարեց սպանութեան շուտափոյթ բացայայտումը: Այդ մէկը համարելով պռոշեանցիներու, նաեւ ամբողջ հանրութեան պահանջը: Միայն բացայայտումէն, իրական մեղաւորները պատժելէն ետք է, որ գիւղի մթնոլորտը պիտի փոխուի: Իսկ սպանութեան բացայայտման պէտք է օգնեն բոլորը, որոնք գիտեն այն՝ ինչ չեն ըսեր: «Քանի դեռ այս սպանութիւնը բացայայտուած չէ, այն գիւղի վրայ մնալու է որպէս խարան, պէտք է հետամուտ լինենք, որ այս սպանութիւնը բացայայտուի»,- ըսաւ Ա. Վարդանեան։

Հրաչ Մուրատեանի ընկեր՝ գիւղի սփիւռքահայ բարերար Միհրան Պարոնեան, նախ ներողութիւն խնդրեց Հրաչ Մուրատեանի ընտանիքէն ու հարազատներէն, որ իրենք՝ Հրաչի ընկերները, չկրցան զինք պաշտպանել։ Պարոնեան նոյնպէս կարեւոր համարեց սպանութեան գործին բացայայտումը՝ յատնելով, որ իրենք Հրաչի հետ գիւղի մէջ բազմաթիւ ծրագրեր սկսած են, որոնք կիսատ մնացին եւ այսօր կասեցուած պիտի մնան այնքան՝ մինչեւ բացայայտուին ոճրագործութեան բոլոր ծալքերը։

Խօսք առաւ նաեւ Լիզպոնի հինգին նուիրուած յուշարձանի ծրագիրի հեղինակ ճարտարապետ Ալպերթ Աճեմեան: Ան թելադրեց Պռոշեանցիներուն, որ անոնք ունենան նոյն ոգեւորութիւնն ու նուիրումը, որ ունէր Հրաչ Մուրատեան, նոյն ըմբռնումը, որ ունէր ան Լիզպոնի տղոց նկատմամբ: «Այն ոգեւորութիւնը, որ ունէր Հրաչը Պռոշեանի մէջ Լիզպոնի տղոց նուիրուած յուշարձանը կանգնեցնելու համար, աննկարագրելի էր, երբ ասացինք նիւթական միջոցներ են պէտք նա պնդում էր, որ դրա մասին պէտք չի մտածել, նախագիծը անենք, միջոցներ կը լինի, եւ այդպէս էլ եղաւ, նա իր ոգեւորուածութեամբ ստեղծեց այդ ենթահողը»,- նշեց Ալպերթ Աճեմեան։

Աւարտին կատարուեցաւ «Հրաչ Մուրատեանի Յիշատակին» գրուած նոր երգը, որուն խօսքերուն հեղինակն էր զայն կատարող Հայկ Մանուկեանը, իսկ երաժշտութեան հեղինակը՝ Սամուէլ Աւետիսեանը։

YERAKOUYN.COM


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.