Լրագրողներու 9-րդ համագումարը եւ սրտբաց խորհրդածութիւն

Մայիս ամսուայ վերջաւորութեան (Մայիս 30-էն մինչեւ Յունիս 1), հրաւէրովը Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի Նախարարութեան, Երեւանի մէջ գումարուեցաւ Լրագրողներու 9-րդ համագումարը, «ՀԱՅՈՑ ՊԵՏԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ՀԱՅ ԼՐԱԳՐՈՒԹԻՒՆԸ» խոհագիրով, որուն մասնակցելու համար հրաւիրուած էին Սփիւռքահայ մօտաւորապէս 70 լրագրողներ՝ գրեթէ բոլոր ցամաքամասերէ, ինչպէս նաեւ Հայաստանի տեղեկատուական միջոցներէն ներկայացուցիչներ, որոնց մէջ երկու կողմէ ալ հանրայայտ ու ծանօթ խմբագիրներ, հրապարակագիրներ եւ թղթակիցներ:

Հայաստանէ ներս գումարուած որեւէ ժողով կամ հանդիպում, հաւատացած ենք ու համոզուած, որ Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք փոխ գործակցութեան ոլորտէն ներս կը նպաստէ փոխադարձ յարգանքի, ճանաչողութեան ու գործակցութեան՝ մասնակից կողմերու միջեւ, ուր կը մշակուին թափանցիկ ծանօթութիւն, անկեղծ բարեկամութիւն եւ շնորհիւ առաջադրուած միտքերու ու գաղափարներու կ’ունենանք աշխատանքային ճշգրիտ հարթակներ եւ կարեւորը՝ կը հաստատուին նոր-նոր կամուրջներ:

Աւելին, Մայիսեան յաղթանակներու 100-ամեակին եւ Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութեան յոբելեանին առթիւ կազմակերպուած յիշեալ Համագումարը մեր հարեւաններուն համար ձեւով մը կը խորհէինք որ պիտի հանդիսանար ուժի ցուցադրութիւն, քարոզչական ազդեցիկ երեւոյթ, մեր ժողովուրդի գոյերթն ու պահանջատիրութիւնը բացայայտող ու աղաղակող կոչ, որ սակայն, կը ցաւիմ ըսելու, որ չարդարացուց ինքզինք, մնաց շուքի մէջ, գրեթէ անհետաքրքիր, անկարեւոր ու աննպատակ՝ Հայրենի պատասխանատուներուն համար:

Այս ժամուն, արդէն փակուած է Համագումարին վարագոյրը եւ իւրաքանչիւր լրագրող մեկնած է իր երկիրը, կարդալէ ետք Համագումարի հետ առնչուած իր զեկոյցը կամ տեղեկագիրը, ուր հնչեցին կարեւոր թեմաներ, կատարուեցան լուրջ քննարկումներ, որոնք սակայն հիմա արդէն դարձած են կատարեալ անցեալ եւ որոնց աւարտին ակամայ կը տարուինք խորհրդածելու՝ թող ներուի հետեւեալները.

Ա.- Կ’ուզենք միանգամընդմիշտ պարզաբանել, որ նման հանդիպումներ երբեք ու երբեք չեն կրեր զուտ զբօսաշրջկական բնոյթ ու հանգամանք մեզի համար եւ իւրաքանչիւրս նախ կը պարտաւորուինք պատրաստելու համապատասխան զեկոյցներ կամ թեմաներ, որոնց համար անհրաժեշտ են բնականաբար ժամանակ, աշխատանք, յոգնութիւն ու պարտաւորութիւն, առանց յիշատակելու հարցին նիւթական երեսը:

Բ.- Պիտի բարձրաձայնենք ըսելու, որ նախապէս, նման Համագումարներ կը ստանային աւելի լուրջ հետաքրքրութիւն եւ կարեւորութիւն Հայրենի Իշխանութիւններու կողմէ, եւ Սփիւռքը կը կարեւորուէր՝ առ որ անկ է, նկատի առած տասը միլիոն հաշուող Սփիւռքի ներկայութիւնը եւ լրագրական ասպարէզի բերած նպաստը հասարակական դաշտէ ներս՝ որպէս Չորրորդ իշխանութիւն:

Գ.- Այս հանգրուանին, երբ տարածաշրջանէ ներս տեղի կ’ունենան մագլցումներ, կ’ակնկալուէր, որ Սփիւռքահայ լրագրողներու հետ Համագումարին ներկայ ըլլային աւելի ստուար լրագրողներ Հայաստանէն ու Արցախէն, եւ մենք ունենայինք աւելի լուրջ երկխօսութիւն ու միտքերու փոխադարձ փոխանակում, ձեւաւորելու համար նոր մարտահրաւէրներ եւ կոչեր, ու ոչ թէ «Ներհայաստանեան» խնդիրներու հաշուեյարդար կատարելու ճիգեր:

Դ.- Հայրենի ծանօթ տեղեկատուական միջոցներէն ոմանք, հեռատեսիլ կամ առանձին լրատուութիւն, յայտնի ճշմարտութիւն է, որ անտեսած էին համագումարի կարեւորութիւնը եւ փայլեցան իրենց «բացակայութեամբ», զարմացնելով մեզ, երբ հաւատացած էինք, որ համագումարը կրնար առատ նիւթ հայթայթել լրատուամիջոցներուն:

Ե.- Հայաստանեան կարգ մը ծանօթ ու տարածուն թերթերու խմբագիրներ կամ լրագրողներ, չէին փափաքած ներկայ ըլլալ ծրագրաւորուած համագումարին, մեզի անծանօթ պատճառներով:Արդեօ՞ք հայրենի լրագրողներ կը կարծեն, թէ իրենք աւելի արհեստավարժ են, ամէնագէտ ու փորձառու, եւ չեն զիջիր ներկայ ըլլալ նման համաժողովներու: Տա՛յ Աստուած, որ սխալիմ… բայց անցնի՛նք:

Վերոյիշեալ հարցումներուն պատասխանները չունիմ եւ կատարուածը կը ցաւցնէ առաջին հերթին իմ մտածումը եւ շատ շատերու արժանապատուութիւնը: Հոս առանց վարանելու բարձրաձայնելով պիտի յայտարարեմ, որ նման ժողովներ, որոնք վերջին տարիներուն ընդհանրացան շնորհիւ Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի Նախարարութեան, եւ նամանաւանդ Սփիւռքի նախկին նախարար Տիկին Հրանուշ Յակոբեանի նախաձեռնութեան ու ջանքերուն, յստակ պէտք է ըլլայ բոլորիս, թէ այսօրինակ հանդիպումներ առաջին հերթին Հայաստանը մօտեցուցին Սփիւռքին, Սփիւռքը՝ Հայաստանին եւ կարեւոր պարագայ մը եւս՝ Սփիւռքը մօտեցուցին՝ Սփիւռքին:

Այո՛, նման հանդիպումներ պատճառ հանդիսացան, որպէսզի լրագրական ասպարէզի ծառայողներ ճանչնան իրար, եւ անոնց արդիւնքով հաստատուեցան բարեկամական կապեր՝ բոլոր լրատուական միջոցներու պատասխանատուներու միջեւ եւ մենք մօտէն շփուելով իրարու հետ ունեցանք համացանցային անմիջական կապ, փոխանակեցինք լրատուութիւն եւ գաղութները կապեցինք իրարու, միաժամանակ, շնորհիւ հաստատուած բարեկամութեան վարեցինք գաղջ քաղաքականութիւն եւ տեղ մը որդեգրեցինք միասնական կեցուածք՝ ազգային կարեւոր հարցերու նկատմամբ, ազգայինը նախընտրելով անձնականէն կամ հատուածականէն:

Պիտի ըսեմ, որ նման Համագումարներ, տեղ մը առիթ կը ստեղծէին մեզի լրագրողներուս, որպէսզի առիթ ունենայինք ծանօթանալու Հայաստանի կամ Արցախի ղեկավար մարմիններուն եւ նամանաւանդ նախագահներուն եւ վարչապետներուն հետ, որպէսզի միասնաբար քննարկէինք հրատապ հարցեր՝ առնչուած Հայաստանի, Ղարաբաղի եւ հայագաղութներու հետ, ու նամանաւանդ լսէի՛նք անոնցմէ անհրաժեշտ տեղեկութիւններ ազգային հրատապ հարցերու մասին, մասնաւորապէս ներկայ հանգրուանին:

Այս տարուայ Լրագրողներու 9-րդ Համագումարը, այս ուղղութեամբ եղաւ որբ ու մնաց հեռու՝ Հայաստանի ղեկավար տարրերու ուշադրութենէն եւ հոգատարութենէն, մեզի անհասկնալի պատճառներով: Համագումարի ընթացքին մենք շօշափեցինք «Թաւշեայ Յեղափոխութիւնը», բայց յեղափոխութեան առաջնորդին տեսութեան չարժանացանք..: Հայաստանի նախագահը, որ ժողովրդային մարդ է բառի իսկական առումով, կրցաւ ընդունիլ մերթ ընդ մերթ մանուկներ, սփիւռքահայ ուսանողներ, բայց չեմ գիտեր ինչո՞ւ չկրցաւ ընդունիլ Սփիւռքահայ Լրագրողներ, որոնք եկած էին հեռաստաններէն՝ լսելու ղեկավարները եւ անոնց տեսակէտները փոխանցելու համար Սփիւռքահայ զանգուածներուն:

Ի դէպ, պիտի ըսեմ նաեւ, որ Լրագրողներս չկրցանք տեսնել նոյնիսկ Սփիւռքի երիտասարդ նախարար Մխիթար Հայրապետեանը եւս… հակառակ անոր, որ Համագումարը կայացաւ Սփիւռքի Նախարարութեան նախաձեռնութեամբ եւ իրենց շէնքին մէջ: Այս պարագային, կ’ենթադրեմ, որ ան մեզ կ’երեւի ուզեց ձգել «անմխիթար»..:

Սակայն, ուրախութիւն էր, որ տեսանք Սփիւռքի փոխ-նախարար Բաբկէն Տէրգրիգորեանը,Կրթութեան եւ Գիտութեան նախարար Արայիկ Յարութիւնեանը եւ Արտաքին Գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանը, որոնց շնորհակալ ենք երիցս: Սփիւռքի Նախարարութեան պաշտօնեաներ, ինչպէս նաեւ Լրագրողներու Համահայկական Համաժողովները Համակարգող Մարմինը ջանացած էին ընել իրենց ամենակարելին, զոր կը գնահատենք բարձրօրէն:
Լրագրողներու Համագումարը գտաւ վերջ: Բայց մեր յարգանքն ու սէրը Հայրենիքի հանդէպ կը մնայ անվերջ: Ջերմ փափաքս է, որ յառաջիկային կայանալիք Համագումարները ստանան աւելի կարեւորութիւն, եւ լրագրողին տրուի աւելի արժէք ու տեղ, որպէսզի լրագրողի սուր աչքը եւ գրիչը չիվրիպի կիզակէտէն ու թիրախէն ու ծառայէ նպատակին:

ՀԱՄԲԻԿ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ

ԽՄԲԱԳԻՐ

«ԽՕՍՆԱԿ» ԱՄՍԱԳԻՐ

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.