Տրապիզոնի Յունական Եկեղեցին Իբրեւ Մզկիթ Պիտի Գործածուի


 

 

ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Այս շրջանին, երբ Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան կառավարութիւնը զգոյշ վերաբերում ցոյց կու տայ փոքրամասնութիւններու կալուածներուն նկատմամբ, եւ երբ Անատոլուի զանազան շրջաններու մէջ հայերէ մնացած հին եկեղեցիները վերանորոգելու ու զանոնք զբօսաշրջական այցելութեանց համար բանալու որոշումներ կը տրուին, Տրապիզոնէն հասնող լուր մը մտածել կու տայ, թէ փոքրամասնութիւնները տակաւին պէտք է պատրաստ ըլլան անհաճոյ լուրեր լսելու։
Տրապիզոնի մէջ, Վագըֆներու տնօրէնութիւնը որոշած է իսլամական պաշտամունքի ու նամազի աղօթքի համար բանալ յոյներու Այասոֆիա նշանաւոր եկեղեցին։ Այս եկեղեցին, որ շատ մաքուր վիճակի մէջ կը գտնուի ներկայիս, ուշագրաւ է պատերուն վրայ ունեցած իր քրիստոնէաշունչ որմանկարներով։ Մինչեւ վերջերս, այս եկեղեցին կը գործածուէր իբրեւ թանգարան։
Այս նշանաւոր եկեղեցին մինչեւ վերջերս կը պատկանէր մշակոյթի նախարարութեան, բայց դատական որոշումով անոր սեփականատիրութիւնը մշակոյթի նախարարութենէն փոխանցուեցաւ Վագըֆներու տնօրէնութեան։ Այս փոխանցումէն ետք, Վագըֆներու շրջանային վարչութիւնը նախաձեռնութիւն ձեռք առաւ ու որոշեց Այասոֆիան բանալ նամազի աղօթքի համար, եւ որպէսզի աղօթքի ընթացքին Քրիստոսի ու հրեշտակներու նկարները չանհանգստացնեն իսլամ հաւատացեալ մարդը, այդ հրաշալի որմանկարները ծածկուեցան ճերմակ վարագոյրներով։
«Թարաֆ» թերթին մէջ Ֆըրաթ Ալքաչի ստորագրութեամբ հրատարակուած թղթակցութեան մէջ կը նշուի, որ Այասոֆիա թանգարանի այցելուները սկսած են գանգատելու այն բանէն, որ որմանկարները ծածկուած են։ Վագըֆներու շրջանային տնօրէն Մազհար Եըլտըրըմհան պատասխանած է, որ ներկայիս Այասոֆիան կը գործածուի թէ՛ իբրեւ թանգարան եւ թէ իբրեւ մզկիթ։
«Երբ Այասոֆիան մզկիթի վերածեցինք, ոչ մէկ բանի ձեռք դպցուցինք։ Արուեստի գործերուն վրայ գամ մը իսկ չգամուեցաւ։ Ամէն ինչ պահուեցաւ ծայր աստիճան իր բնական վիճակին մէջ։ Ճիշդ է, որ գմբէթին վրայ գտնուող որմանկարներուն վրայ վարագոյր դրինք ու անոնք հիմա վարէն չեն տեսնուիր, բայց տեսնել ուզողը, արեւելեան կողմը շրջելու ընթացքին կրնայ տեսնել զանոնք։ Ոչ մէկ բան փոխուեցաւ։ Ուզողը նամազ պիտի ընէ, ուզողը պիտի այցելէ որպէս թանգարան», պնդած է Եըլտըրըմհան։
Թերթը կը նշէ, որ Տրապիզոնի այս եկեղեցին 1964 թուականին թանգարանի վերածուած էր։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.