Օգնութիւն կը հասնի հալէպահայութեան


 

 

Հալէպի «Գանձասար» շաբաթաթերթի աշխատակից Զարմիկ Պողիկեանը Յուլիս 16-ին Արմէնփրէս լրատուական գործակալութեան յայտնեց, որ Հալէպի շրջափակումը տակաւին կը շարունակուի, թեև նահանգապետի ջանքերուն շնորհիւ Յուլիս 16-ին նկատելի է որոշ քանակութեամբ բանջարեղէնի մատակարարումը Հալէպի շուկաներուն, որոնք, սակայն, կը ծախուին տասնապատիկ սուղ գիներով: «Ելեկտրականութեան և ջուրի մատակարարումները նախորդ օրերուն համեմատութեամբ բարելաւուած են: Քաղաք հասած են նաև վառելանիւթ փոխադրող մի քանի տասնեակ մեքենաներ»,- հաստատած է Զարմիկ Պողիկեանը: 

Կենցաղային ծանր պայմաններու մէջ ապրող հալէպահայութիւնը ամէն ձեւով կը փորձէ կազմակերպել իր կեանքը: Այդ առաքելութեան մէջ իր մեծ ներդրումը ունի Սուրիոյ Համազգայինի շրջանային վարչութիւնը, որ բազմաթիւ զրկանքներ կրած հայ մանուկներուն եւ պատանիներուն համար կազմակերպած էր «Կեանքը կը շարունակուի» գեղարուեստական հանդիսութիւնը, որու

ընթացքին ելոյթ ունեցած են Սուրիոյ Համազգայինի շրջանային վարչութեան «Զուարթնոց» երգչախումբը, «Կանաչեան» երաժշտական դպրոցի շրջանաւարտները, Համազգայինի Նիկոլ Աղբալեան մասնաճիւղի «Սարդարապատ» պարախումբն ու թատերախումբը:

Միւս կողմէ, Սուրիահայութեան շտապ օգնութեան և վերականգնման մարմինը կը շարունակէ կարիքաւոր ընտանիքներուն օգնութեան մատակարարումը:

«Այսօր Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ սրահին մէջ, Սուրիահայութեան շտապ օգնութեան և վերականգնման մարմինը սննդամթերք բաժնեց հալէպահայ ընտանիքներուն: Իւրաքանչիւր ընտանիքի կը տրամադրուի 1.5-2 ամսուան անհրաժեշտ սնունդի պաշար, որը ամսական դրութեամբ կը տրամադրուի 3500 հայ ընտանիքներու»,- յայտնեց Զարմիկ Պողիկեանը: Ան հաստատեց, որ շտապ օգնութեան մարմինը այցելութիւններ կը կատարէ հիւանդներու մէջ գտնուող հայ վիրաւորներուն եւ կը հոգայ անոնց հիւանդանոցային ծախսերուն մէկ մասը: 


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.