122 տարի առաջ, այսօր. «Պանք Օթոման գրաւած է Դաշնակցութեան կոմիտէն»

Սասնոյ առաջին ապստամբութեան անյաջողութիւնը եւ 1895-1896-ի ջարդերուն պատճառած յուսալքութիւնը հակազդեցութեան դիմելու զօրաւոր տրամադրութիւններ ստեղծեցին Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան ղեկավարութեան մօտ:

Արեւմտեան բիւրոյի եւ կուսակցութեան կարգ մը մարմիններու համաձայնութեամբ, Պոլսոյ կեդրոնական կոմիտէն նախաձեռնեց գրաւման Պանք Օթոմանի, որ միջազգային ելեւմուտքի գլխաւոր հաստատութիւնն էր Արեւելքի մէջ:

Ձեռնարկին նպատակն էր նախ ցնցիչ հարուած մը տալ օսմանեան պետութեան, եւ նաեւ վնասել Թուրքիոյ մէջ եւրոպական դրամագլուխին ու ստիպել արեւմտեան պետութիւնները միջամտելու ի նպաստ հայկական հարցին եւ հայկական գաւառներու մէջ բարենորոգումին:

14 օգոստոս 1896-ին, կէսօրուան ժամը 1:00-ին, 26 դաշնակցական անձնուրացներ, Բաբգէն Սիւնիի հրամանատարութեամբ, զէնքի ուժով գրաւեցին Պոլսոյ օսմանեան դրամատունը, սպաննելէ ետք թուրք պահակները: Բաբգէն Սիւնի ինկաւ դրամատան սեմին եւ Արմէն Գարօ այնուհետեւ ղեկավարեց գործողութիւնը, իրեն օգնական ունենալով Հրաչը (Հայկ Թիրեաքեան):

Հայ յեղափոխականները նոյն օրն իսկ Պոլսոյ եւրոպական պետութիւններու դեսպաններուն յղեցին շրջաբերական մը, ուր կ՛ըսէին. «Մենք գրաւած ենք Պանք Օթոմանը եւ հոնկէ դուրս պիտի գանք, եթէ Սուլթանը խոստում տայ մեր պահանջներուն գոհացում տալու եւ հայկական հարցը յանձնելու միջազգային իրաւարարութեան մը, այլապէս դրամատունը օդը պիտի հանենք մեզի հետ:

Դրամատունը գրաւած յեղափոխականները դիրքեր բռնեցին եւ ետ մղեցին իրենց վրայ յարձակող զինուորները ու ամբոխը:

Յեղափոխականները նաեւ մեծ զգուշութեամբ վարուեցան դրամատան անձնակազմին հետ:

Նոյն ժամերուն Պոլսոյ կարգ մը թաղերու մէջ բազմաթիւ անմեղ հայեր թուրք զօրքին եւ ամբոխին կողմէ սուրէ անցուեցան:

Դրամատունը գրաւող յեղափոխականներուն պահանջագիրը բաղկացած էր չորս կէտերէ.

ա.- Դադրեցնել Պոլսոյ մէջ սկսած անմեղներու կոտորածը,

բ.- Դադրեցնել դրամատան դէմ յարձակումը, հակառակ պարագային պիտի պայթեցնեն դրամատունը,

գ.- Գրաւոր երաշխիք տալ հայկական նահանգներու բարենորոգումներուն մասին,

դ.- Ազատ արձակել հայ քաղաքական բոլոր բանտարկեալները:

Կէս գիշերէն ետք, ժամը 1:00-ին, Ռուսիոյ դեսպանատան ներկայացուցիչ Մաքսիմով եւրոպական դեսպաններու անունով դրամատունը գրաւողներուն հաւաստիացուց, որ կը խոստանայ ազդել սուլթանի կառավարութեան վրայ եւ իրագործել տալ բարենորոգումները, ինչպէս նաեւ խոստացաւ ապահովել անոնց անվնաս հեռացումը Թուրքիայէն:

15 օգոստոս 1896-ի Առտուան դէմ յեղափոխականները իրենց զէնքերով դուրս ելան դրամատունէն եւ ֆրանսական նաւով մեկնեցան Մարսէյլ:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.