ԸՍՏ ԱԶԱՏՈՒԹԻՒՆ ՌԱՏԻՈԿԱՅԱՆԻ՝ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԴԷՊԻ ԱՐԵՒՄՈՒՏՔ ԿԸ ՆԱՅԻ, ԿԸ ՓՈՐՁԷ ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆԸ ՄԵՂՄԱՑՆԵԼ


ԸՍՏ ԱԶԱՏՈՒԹԻՒՆ ՌԱՏԻՈԿԱՅԱՆԻ՝ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԴԷՊԻ ԱՐԵՒՄՈՒՏՔ ԿԸ ՆԱՅԻ, ԿԸ ՓՈՐՁԷ ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆԸ ՄԵՂՄԱՑՆԵԼ

«Ազատութիւն» ռատիոկայանը վերջերս հրապարակեց «Հայաստան դէպի արեւմուտք կը նայի, կը փորձէ Մոսկուայի ազդեցութիւնը մեղմացնել» խորագիրը կրող լրատուութիւն մը, որուն մէջ կը նշուի, որ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան որոշեց ներկայ չգտնուիլ ռուսական ղեկավարութեան տակ գտնուող Հասարակաց անվտանգութեան պաշտպանութեան կազմաերպութեան (ՀԱՊԿ) 28 Մայիսին նախատեսուած «ոչ պաշտօնական գերաստիճան»-ին՝ նշելով, որ այդ օրը կը զուգադիպի Հայաստանի Հանրապետութեան տօնին եւ Բրիտանիոյ Չարզ իշխանը Երեւան պիտի այցելէ։ Բայցեւայնպէս Սարգսեանի որոշումը շատերու կողմէ նկատուեցաւ Հայաստանի հետ Մոսկուայի յարաբերութեանց նկատմամբ դժգոհութեան նշան մը։
Երեւանի մէջ անկախ վերլուծական կեդրոն՝ Շրջանային ուսումնասիրութեան կեդրոնի տնօրէն Ռիչըրտ Կիրակոսեան կը յայտնէ, որ Հայաստան առանց մեծ աղմուկի նոր «ռազմավարական տեսլական» մը պատրաստէ, որուն նպատակը երկրին Մոսկուային ենթակայութիւնը նուազեցնելն է։ Ան կþընդգծէ, որ ռուս-հայկական յարաբերութեանց փոփոխութիւնը աւելի եղափոխական է քան յեղափոխական։ Սակայն կարեւոր փոփոխութիւն մըն է նկատի ունենալով Հարաւային Կովկասի մէջ իր ազդեցութիւնը աճեցնելու Ռուսիոյ ձգտումը։
Հայաստանի համեմատ Ռուսիոյ դիրքը ուժեղ է։ Ան հարեւան Ազրպէյճանի հետ թշնամական յարաբերութիւններուն մէջ Հայաստանին ռազմական եւ քաղաքական աջակցութիւն կը ցուցաբերէ։ Ան նաեւ հայկական տնտեսութեան կարեւոր մասեր, մասնաւորաբար ուժանիւթի մարզին կը վերահսկէ։ Աւելին, Հայաստանի տնտեսութիւնը կախեալ է հայկական սփիւռքի հայրենիք ուղարկած գումարներէն, որոնց երեք քառորդը Ռուսիայէն կþուղարկուին։
Միւս կողմէ Հայաստան Հարաւային Կովկասի մէջ ՀԱՊԿ-ի միաւ անդամն է եւ միակ երկիրը, ուր Ռուսիա մնայուն ռազմակայան ունի։ Երեւան կը թուի եզրակացուցած ըլլալ, որ Քրեմլինի դէմ նախապէս մտածուածէն աւելի շատ յաղթաթուղթեր ունի։
Հայաստանի դիրքին ուժը քննութեան կþենթարկուի, որովհետեւ Մոսկուա Երեւանն ու յետխորհրդային այլ հանապետութիւնները՝ մասնաւորաբար Ուքրանիոյ եւ Մոլոտովայի վրայ ճնշում կը բանեցնէ, որպէսզի միանան Եւրոասիական մաքսային միութեան մաս կազմէ։ Առայժմ անոր անդամ են միայն Ռուսիան, Պիէլոռուսիան եւ Ղազախիստանը եւ Մոսկուա կը յուսայ ընդլայնել զայն եւ վերածել աւելի հեռահաս նպատակներ հետապնդող Եւրոպասիական միութեան մը։
Եւրոպական Միութիւնը յստակ դարձուցած է, որ Եւրոասիական մաքսային միութիւնը Խոր եւ համապարփակ ազատ առեւտուրի համաձայնութեան եւ Եւրոպական Միութեան գործընկերութեան համաձայնութեան համահունչ չէ։
Ըստ վերլուծաբան Կիրակոսեանի, Երեւան հաւանաբար պիտի շարունակէ այս հարցով ռուսական ճնշումին դիմադրել եւ անոր ջանքերը յաջողութեամբ պիտի պսակուին Վիլնիուսի գերաստիճանին ընթացքին։ «Երբ Հայաստան Ռուսիոյ նախընտրութեան կþարարկէ, ընդհանրապէս արդիւնքը յաւելեալ յարգանք է, նկատի ունենալով Հայաստանի նկատմամբ ռուսական վստահութեան։ Այլ խօսքով, Ռուսիոյ համար Հայաստանի ռազմավարական նշանակութիւնը շատ աւելի մեծ է քան Ռուսիա կը խոստովանի»։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.