Փաշինեան. Սիւնիքի սահմանազատումը պիտի հանդիսանայ ԹՐԻՓ-ի գործադրութեան կարեւոր հանգրուան

ԵՐԵՒԱՆ.- Նիկոլ Փաշինեան նոյեմբեր 18-ին յայտարարեց, որ ԹՐԻՓ (TRIPP) հաղորդակցութեան ծրագիրին իրականացումը կը թեւակոխէ գործնական փուլ, որուն կարեւոր հանգրուաններէն պիտի ըլլայ Հայաստանի հարաւային սահմանահատուածի սահմանազատումն ու սահմանագծումը։

Ազգային ժողովին մէջ կառավարութեան հետ հարցուպատասխանի ընթացքին Փաշինեան նշեց, որ սահմանային աշխատանքները անհրաժեշտ են նախատեսուած հաղորդակցական ենթակառոյցներուն՝ երկաթուղիի, ինքնաշարժային ճամբու եւ խողովակաշարի կառուցման համար։

Ան յայտնեց, որ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ Տապլինի մէջ ունեցած վերջին հանդիպումին ընթացքին վերահաստատուած են նախապէս ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները։

Անոր համաձայն, գործընթացին յաջորդ քայլերը պիտի իրականացնեն երկու երկիրներու սահմանազատման յանձնաժողովները։

ԹՐԻՓ ծրագիրը, որ կը նախատեսէ Հայաստանի տարածքով Ատրպէյճանը Նախիջեւանին կապող հաղորդակցութիւններու ստեղծումը, կը ներկայացուի իբրեւ 2025-ի օգոստոս 8-ի Ուաշինկթընի համաձայնութիւններուն գործնական հետեւանքներէն մէկը։

Սակայն Սիւնիքի մէջ նախատեսուած ենթակառոյցներուն իրաւական կարգավիճակը, վերահսկողութեան դրութիւնը եւ Հայաստանի ինքնիշխան լիազօրութիւններուն ամբողջական պահպանումը կը շարունակեն մնալ քաղաքական հիմնական մտահոգութիւններ։

Ընդդիմութիւնը բազմիցս ահազանգած է, որ միջազգային հաղորդակցութիւններու բացումը չի կրնար իրականացուիլ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան եւ գերիշխանութեան հաշւոյն։ Առանձնակի կարեւորութիւն կը ներկայացնէ նաեւ այն հարցը, թէ ի՛նչ պայմաններով պիտի կատարուին սահմանազատման աշխատանքները եւ ինչպիսի՛ իրաւասութիւններ պիտի ունենան ծրագիրին մասնակից արտաքին կողմերը։

Փաշինեանի վերջին յայտարարութիւնը ցոյց կու տայ, որ իշխանութիւնը կը պատրաստուի անցնելու ծրագրին իրականացման յաջորդ հանգրուանին, մինչ անոր կարգաւորումներուն վերաբերող շարք մը էական հարցեր տակաւին հանրային ամբողջական պարզաբանման կարիք ունին։