Ուաթըրթաունի մէջ բացումը կատարուեցաւ Հրայր Սողոմոնեանի յիշատակին նուիրուած յուշատախտակին

ՈՒԱԹԸՐԹԱՈՒՆ.- Չորեքշաբթի, 11 նոյեմբեր 2026-ին, Հայ Օգնութեան Միութեան (ՀՕՄ) Ուաթըրթաունի Կեդրոնական գրասենեակին մուտքին տեղի ունեցաւ ազգային բարերար Հրայր Սողոմոնեանի յիշատակին նուիրուած յուշատախտակի բացման արարողութիւնը՝ հանգուցեալ ընկերոջ հարազատներուն եւ ՀՕՄ-ի ներկայացուցիչներուն ներկայութեամբ։ Ներկայ էին Յարութ եւ Լենա Սողոմոնեան, Ժիրայր եւ Հուրի Զաքարեան, ինչպէս նաեւ ընտանիքի կրտսեր անդամները՝ Ալեք, Վանի եւ Լորի։ Արարողութեան ներկայ էր նաեւ Զոհրապ եւ Յասմիկ Թեճիրեանի դուստրը՝ Ալիծ, որ կը ներկայացնէր իր ծնողները, որոնք յարգելի պատճառներով չէին կրցած ներկայ գտնուիլ։

Արարողութեան ընթացքին ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան խօսքը փոխանցեց ատենապետ Արուսեակ Մելքոնեան, իսկ հանգուցեալին քոյրը՝ Հուրի Զաքարեան, խօսք առաւ ընտանիքին անունով։ Ուաթըրթաունի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ պատուակալ հովիւ Տ. Անդրանիկ քհնյ. Պալճեան օրհնեց յուշատախտակը եւ արտասանեց «Պահպանիչ» աղօթքը։

Բացման արարողութենէն ետք, Բաբգէն Սիւնի ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ ընթրիք մը, որուն ընթացքին սրտի խօսքերով հանդէս եկան ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Անի Քէշիշեան եւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Խաժակ Մկրտիչեան։

Նոյն առիթով Սողոմոնեան, Թեճիրեան եւ Զաքարեան ընտանիքները յայտարարեցին 30,000 տոլարի նուիրատուութիւն մը՝ ՀՕՄ-ի կալուածին նորոգութեան նպատակով։

ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը իր գնահատանքն ու երախտագիտութիւնը յայտնեց երեք ընտանիքներուն, որոնք, հաւատարիմ մնալով իրենց մօր՝ հանգուցեալ ընկերուհի Մանուշակ Սողոմոնեանի նուիրումի օրինակին, Հրայր Սողոմոնեանի յիշատակին կատարուած նուիրատուութիւններով կը շարունակեն իրենց զօրակցութիւնը բերել Հայ Օգնութեան Միութեան գործունէութեան։